ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը տարածաշրջանային հարցեր քննարկած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ջէյք Սալիւանի հետ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է անվտանգութեան խորհուրդի մամուլի ծառայութիւնը։
Հանդիպումը կայացած է 6 յուլիսին, Սպիտակ տան մէջ։
«Կողմերը քննարկել են տարածաշրջանային եւ աւելի լայն արտատարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակն ու մարտահրաւէրները: Այս համատեքստում անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը զրուցակցին է ներկայացրել հայկական կողմի մօտեցումները մի շարք կարեւոր ուղղութիւններով»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ անվտանգութեան խորհուրդի` զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր՝ մասնաւորապէս, շեշտած են երկկողմ համագործակցութեան զարգացումը՝ ուժանիւթի, տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան շրջածիրէն ներս: