image

Արեւելեան Թեմի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական միութեան մրցանակաբաշխութիւնը՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան տան մէջ

Արեւելեան Թեմի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական միութեան մրցանակաբաշխութիւնը՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան տան մէջ

Օրերս Երեւանի մէջ, Գրողներու միութեանէն ներս տեղի ունեցած է «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան կազմակերպած ամէնամեայ գրական մրցանակաբաշխութիւնը, որ այս տարի կը կրէր՝ «Յանուն հայրենիքի յարատեւման» խորագիրը։

Այս մասին կը կարդանք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի կայքէջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Երկրորդ տարին է, որ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը եւ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութիւնը կազմակերպեցին ամէնամեայ գրական մրցանակաբաշխութիւնը, որ կրեց «Յանուն հայրենիքի յարատեւման» խորագիրը` նպատակ ունենալով օժանդակելու հայ գրողին ու խթանելու ժամանակակից հայ գրականութեան բնականոն ընթացքը:

Յունիս 25-ին Գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ստեղծագործութիւնները երեք տեսակի էին` արձակ, բանաստեղծութիւն եւ մանկապատանեկան-հեքիաթ, պատմուածք կամ բանաստեղծական շարք: Դատական կազմը գնահատեց ընդհանուր առմամբ 30 ստեղծագործութիւն, որոնք մրցոյթին ներկայացուած էին անանուն եւ արձանագրուած` միայն ծածկագիրներով:

«Արձակ» անուանակարգին առաջին մրցանակակիրը Ֆելիքս Բախչինեանն էր, «Բանաստեղծութիւն» անուանակարգինը` Հերմինէ Աւագեանը, իսկ դատական կազմի որոշումով «Մանկապատանեկան» անուանակարգին մէջ առաջին մրցանակ չշնորհուեցաւ: