Անգարան հեշտութեամբ կը հրաժարի Մոսկուայէն, եթէ Արեւմուտքի հետ կապերը աւելի շահաւէտ համարէ: Այդ մասին կը գրէ քաղաքագէտ Փօլ Անթոնոփուլոսը InfoBrics հարթակի յօդուածին մէջ:
Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները պիտի հանդիպին 29 Սեպտեմբերին, Սոչիի մէջ, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը քննարկելու համար:
«Հարց կը ծագի՝ պէ՞տք է արդեօք Մոսկուան վստահի Անգարային, յատկապէս հաշուի առնելով, որ Թուրքիոյ առաջնորդին բարեկամական հռետորութիւնը յաճախ կը փոխարինուի թշնամանքով», կը նշէ փորձագէտը:
Անոր կարծիքով՝ երկու երկիրներու շահերը կը բախին մոլորակի բազմաթիւ շրջաններու մէջ. Փութինը կը փորձէ պահպանել խաղաղութիւնը Սուրիոյ մէջ, իսկ Էրտողանը փափուկ ուժի եւ բանակի միջոցով կը փափաքի վերադարձնել օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուած նախկին հողերը:
Քաղաքագէտը նշած է, որ Թուրքիան յուսահատ կերպով կը փորձէ դառնալ հզօր տէրութիւն, սակայն իրականութիւնը այնպիսին է, որ անոր ներկայութիւնը մերձաւորարեւելեան հանրապետութեան մէջ ամբողջովին կախեալ է Ռուսաստանի կամքէն: Բացի այդ, Անգարան կը ձգտի փոխել ուժերու հաւասարակշռութիւնը Անդրկովկասի ու Լիպիոյ մէջ, որպէսզի թուլացնէ Մոսկուայի ազդեցութիւնը, յաւելած է ան:
Չնայած երկու տէրութիւններուն միջեւ շարք մը հակասութիւններուն, անոնք իրական հնարաւորութիւն ունին կապերն ու համագործակցութիւնը խորացնելու, յիշեցուցած է Անթոնոփուլոսը: Աւելի վաղ, Էրտողան յայտնած էր, որ Անգարան յառաջիկային պիտի ձեռնարկէ քայլերու՝ վեց երկիրներէ կազմուած հարթակ ստեղծելու ուղղութեամբ, տարածաշրջանային խնդիրները լուծելու համար: Կարելի է ենթադրել, որ այդ վեց երկիրները ըլլան Թուրքիան, Ռուսաստանը, Իրանը, Վրաստանը, Ատրպէյճանն ու Հայաստանը, կը գրէ փորձագէտը:
«Չնայած տարածաշրջանային հարթակ ստեղծելու մասին Էրտողանի առաջարկը դրական քայլ է ճիշդ ուղղութեամբ, հաշուի առնելով անոր յաջորդական անյուսալի վարքն ու դաւաճանութիւնները անցեալին, Մոսկուան մէկ կողմէ ոգեւորութեամբ պիտի ընդունէր այդ դաշինքը, սակայն նաեւ պիտի մտահոգուէր՝ իմանալով, որ Թուրքիան շատ յաճախ հեշտութեամբ կ'ուղղուի դէպի Արեւմուտք», եզրափակած է մասնագէտը: