15 օգոստոսին ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժին հաղորդում ստացուած է, որ ժամը 19:30-ի սահմաններուն, Աւդուռ գիւղի վարչական տարածքի «Գոմեր» կոչուող տեղամասի յարակից ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն հրաձգային զէնքերով կրակած են հացահատիկահաւաք սարքի ուղղութեամբ, որ կը վարէր Միւրիշէն գիւղի բնակիչ Մ.Ա.:
Ինչպէս հաղորդած են Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութենէն, բարեբախտաբար, քաղաքացին փրկուած է, վնասուած է միայն սարքը։
Կրակոցներու պատճառով դադրեցուած են գիւղատնտեսական աշխատանքները: Հաղորդումը փոխանցուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին։