Հռոմի Պապ Լեւոն ԺԴ Բերու կատարած իր այցի աւարտին միջադէպի ենթարկուած է. ամբոխէն անոր ուղղութեամբ նետուած առարկայ մը, ամենայն հաւանականութեամբ՝ վարդարան, դպած է անոր աչքի հատուածին։ Այս մասին յայտնած է Reuters։
Միջադէպը տեղի ունեցած է Լիմայի օդային կայանին մէջ, ուր Պապը կը շարժէր յատուկ ինքնաշարժով եւ կ'ողջունէր հաւաքուած մարդոց՝ նախքան հրաժեշտի պատարագին մասնակցիլը։ Լուսանկարներուն եւ տեսանիւթերուն մէջ կ'երեւէ, թէ ինչպէս ան միջադէպէն յետոյ ձեռքով կը տրորէ աչքը։
Այնուամենայնիւ, միջադէպէն յետոյ Լեւոն ԺԴ շարունակած է այցը, եւ անոր վնասուածք ստանալու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած։
71-ամեայ Պապն աւարտած է Հարաւային Ամերիկա կատարած 12-օրեայ շրջագայութիւնը, որու ընթացքին վեց օրը անցուցած է Բերու։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բերուցիներուն ջերմ ընդունելութեան համար՝ երկիրն անուանելով իր հայրենիքը։