image

Արցախի մէջ. Պիտի գործէ բարեգործական անվճար ճաշարան

Արցախի մէջ. Պիտի գործէ բարեգործական անվճար ճաշարան

«Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութիւնը «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժման հետ համագործակցաբար, կը նախաձեռնէ «Սոցիալական ճաշարան» բարեգործական ծրագիրը, որ նպատակ ունի մեղմել սնունդի հետ կապուած ծանր կացութիւնը եւ կարիքաւոր արցախցիներուն առաջարկել օրական մէկ անգամ սնուելու հնարաւորութիւն։

Այս մասին ըսուած է «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժման դիմատետրեան էջին:

Ծրագրի շահառուներ կրնան դառնալ մինչեւ 16 տարեկան անչափահաս երեխաներն ու անոնց ուղեկցողները, ինչպէս նաեւ յղի կանայք ու 65 տարեկանէն բարձր քաղաքացիներ։

Անհրաժեշտ է ներկայանալ անձը հաստատող փաստաթուղթով (անձնագիր, ծննդեան վկայական), յղիներու պարագային՝ նաեւ ծննդատունէն տեղեկանքով։

Ծրագրի մեկնարկը 15 օգոստոսէն, երեքշաբթի, ժամը 13։00 ֊ 16։00: