image

Արցախի մէջ հացի սղաճ

Արցախի մէջ հացի սղաճ

Հաշուի առնելով Արցախի ամենամեծ ալրաղացի ելեկտրամատակարարման համակարգին մէջ տեղի ունեցած խոշոր վթարը՝ յառաջիկայ օրերուն Արցախի մէջ կրկին պիտի արձանագրուի հացի որոշակի սղութիւն: Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամը։

«Պատկան մարմինները հնարաւորինն են անում խնդիրն արագ շտկելու համար, եւ մի քանի օրուայ մէջ ալիւրի անհրաժեշտ ծաւալի մատակարարումը կը վերականգնուի»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հիմնադրամը կը խնդրէ հնարաւորինս խնայողաբար կատարել հացի գնումները եւ օգտագործել հացեղէն: