image
Հրատապ լուրեր:

Արցախցիք բողոքի հաւաք  կատարեցին կառավարութեան շէնքի մօտ 

Արցախցիք բողոքի հաւաք  կատարեցին կառավարութեան շէնքի մօտ 

Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն տրամադրուող 40+10 հազար դրամի աջակցութեան ծրագիրը պէտք է շարունակական ըլլայ այնքան ժամանակ, մինչեւ որ բնակապահովման ծրագիրը հասանելի ըլլայ բոլոր արցախցիներուն: Այս մասին ՀՀ կառավարութեան շէնքի մօտ բողոքի ցոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արամայիս Աղաբեկեանը։

ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանն ԱԺ–ի մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ յայտարարած էր, որ ՀՀ իշխանութիւնը կրճատած է արցախցիներուն տրամադրուող պետական աջակցութիւնը, որ անոնք արագ եւ աշխուժ ներառուին աջակցութեան երկարաժամկէտ ծրագիրներուն մէջ։ Ան ընդգծած էր, որ ի սկզբանէ յայտարարուած է, որ ծրագիրները կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ կտրուածքի տրամաբանութեան մէջ են, եւ 40+10–ը կարճաժամկէտ ծրագիր էր։

Ապրիլ 1-էն այդ աջակցութիւնը պիտի ստանան բացառապէս թոշակառուները, անչափահասները եւ հաշմանդամները։

Պատգամաւորի տեղեկութիւններով` երէկուան դրութեամբ ծրագրէն ընդամէնը 50 մարդ օգտուած է:

«Բնակապահովման հարցը աշխատելով հնարաւոր չէ լուծել: Այսօր ասում են, որ արցախցիներն ուզում են Երեւանում կամ երեւանամերձ հատուածներում ապրել: Դա ամբողջ Հայաստանում գոյութիւն ունեցող խնդիրների ամբողջութիւնն է, ինչու, որովհետեւ հիմնական աշխատանքային միջավայրը հենց Երեւանում է, եւ նոր տեղափոխուած մարդը, որը հմտութիւններ չունի, դեռ պէտք է յարմարուի, աշխատանք գտնի այնտեղ, որտեղ այդ աշխատանքը մաքսիմալ աւելի շատ է», -նշած է Աղաբեկեանը:

Անոր խօսքով՝ վերջին օրերուն կրկին արցախցիներու հանդէպ ատելութեան ալիք բարձրացած է։

Ընդգծած է, որ իշխանութեան կողմէ առաջացուող ատելութիւնն ուղիղ է, լկտիաբար, ընդհուպ մինչեւ այն աստիճանի, որ իշխանական պատգամաւորի կողմէ այդ մէկը կը կատարուի։

«Դրա մեխը Արսէն Թորոսեանը տուեց, նա ազգային ատելութիւն է քարոզում։ Որեւէ մէկի նկատմամբ քրէական գործ յարուցուե՞լ է արցախցիների հանդէպ ատելութեան խօսք տարածելու համար: Ի հարկէ ոչ, աւելին, ես համոզուած եմ, որ այն մարդիկ, ովքեր այդ գործով զբաղուած են, մի բան էլ խրախուսւում են, որովհետեւ իրենք դրանով քաղաքական դիւիդենտներ են շահում»,- նշած է Աղաբեկեանը:

Անդրադառնալով արցախցիներուն տրուող օգնութեան՝ Աղաբեկեանը նշած է, որ իշխանութիւնները պէտք է միջազգային մարդասիրական ֆորում իրականացնեն, ֆինանսական միջոցներ գոյացնեն, որ բռնի տեղահանուած արցախցիներու խնդիրները լուծեն:

«Ինչքան էլ որ նման ակցիաներով հինգ հազար, տասը հազար հոգի է հաւաքւում, մէկ է՝ կոնկրետ գործողութիւններ են պէտք։ Ոնց որ ինքն է մեր կեանքը սեւացնում, այնպէս էլ մենք իր կեանքը կը սեւացնենք, այնպէս անենք, որ գետնի վրայ իր որոշումները չկարողանայ իրացնել»,-ըսած է Աղաբեկեանը:

Նշենք, որ մարտ 29-ին Ազատութեան հրապարակին մէջ բազմամարդ հաւաք կայացուցած արցախցիները մէկ շաբաթ ժամանակ տուած են իշխանութեան իրենց ընկերային հարցերու եւ յատկապէս՝ Արցախ վերադարձի խնդրով զբաղուելու համար:

Կ՚ենթադրուի, որ արցախցիները շաբաթ օր պիտի կատարեն յստակ գործողութիւններ, եթէ իշխանութիւնը մինչ այդ լուծումներու տարբերակներ չներկայացնէ: