«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, այսօր մեր իրազեկման նոր օրն է», իր դիմատետրի էջին հրապարակած տեսանիւթին մէջ յայտարարած է Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան։
Ան տեղեկացուցած է, որ իրազեկման գործողութիւններուն միացած տարբեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները Աւետիք Իսահակեանի արձանին մօտէն պիտի բաժնուին տարբեր ուղղութիւններով՝ իրականացնելով «Ալիեւեան սահմանադրութեան» դէմ ուղղուած իրազեկման արշաւներ։
Կարապետեան նշած է, որ ինք իրազեկման աշխատանքներ պիտի կատարէ «Սասունցի Դաւիթ» կայարանին, Բութանիոյ եւ «Մետաքս»ի գործարանի հատուածներուն մէջ։