Հնդկաստանի մայրաքաղաք Տելհիիի մէջ կիրակի օր հազարաւոր մարդիկ իջած են փողոց՝ պահանջելով երկիրի ընտրական յանձնաժողովի ղեկավարին հրաժարականը։ Բողոքի ցոյցերուն պատճառը ընտրողներու ցուցակներու վերանայման գործընթացքն է։
Ցոյցը, որ գլխաւորուած է ընդդիմադիր «Քոնկրէս» կուսակցութեան առաջնորդ Ռահուլ Կանտին կողմէ, հակակառավարական բողոքի ցոյցերուն աւելի քան միամսեայ շարքի հերթական դրսեւորումն է, ուղղուած վարչապետ Նարենտրա Մոտիի կառավարութեան դէմ։
Ցուցարարներու պնդմամբ՝ ընտրողներու ցուցակներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու գործընթացքը ձեռնտու է Մոտիի գլխաւորած հինտու ազգայնական «Պհարաթիա Ճանաթա» կուսակցութեան։
Ընդդիմութեան աշխուժացումը եւ բողոքի ցոյցերուն աճող ալիքը կը դիտարկուին, որպէս Մոտիի իշխանութեան ամենալուրջ ճգնաժամը 2014 թուականին վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր։ Այդուհանդերձ, անոր կառավարութիւնը կը շարունակէ պահպանել կայունութիւն, իսկ յաջորդ համընդհանուր ընտրութիւնները նախատեսուած են միայն 2029 թուականին։
Մինչեւ բողոքի երթի մեկնարկը՝ Տելհիի կեդրոնէն դէպի հանրահաւաքի կայացած վայրը, ուր արդէն հաւաքուած էին հազարաւոր մարդիկ, իշխանութիւններն ուժեղացուցած են անվտանգութեան միջոցառումները։ Ոստիկանութիւնը նաեւ նախազգուշացուցած է երթի պատճառով երթեւեկութեան հնարաւոր սահմանափակումներու եւ փոփոխութիւններու մասին։