image

ԱՄՆ-ը պէտք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը․ Ատամ Շիֆ

ԱՄՆ-ը պէտք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը․ Ատամ Շիֆ

Ինծի համար պատիւ էր այս շաբաթ ժամանակ անցնել Կլենտէյլի ամերիկահայ համայնքի հետ՝ ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը, դիմատետրի իր էջին գրած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Հայկական հարցերով խումբի փոխնախագահ, Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ատամ Շիֆը։

«ԱՄՆ-ը պէտք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը եւ դադրեցնէ Ատրպէյճանի ֆինանսաւորումը։ Պաքուն պէտք է պատժամիջոցի ենթարկուի, ոչ թէ պարգեւատրուի իր ռազմական յանցագործութիւններու համար»,- աւելցուցած է Շիֆ։