Միացեալ Նահանգներու մէջ երրորդ կուսակցութիւն պիտի յայտնուի, որ մտադիր են ստեղծել նախկին հանրապետականներն ու դեմոկրատները՝ միլիոնաւոր ընտրողներուն դիմելու համար, որոնք, ըստ անոնց, մտահոգուած են Ամերիկայի երկկուսակցական անգործունակ համակարգի կապակցութեամբ:
«Յառաջ» անուանումով նոր կուսակցութիւնը պիտի գլխաւորեն Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի նախկին թեկնածու Էնտրու Եանկը եւ Նիւ Ճըրզիի հանրապետական նախկին նահանգապետ Քրիսթին Թոտ Ուիթմանը: Անոնք յոյսով են, որ կուսակցութիւնը կենսունակ այլընտրանք պիտի դառնայ հանրապետական եւ դեմոկրատական կուսակցութիւններուն, որոնք կը գերիշխեն ԱՄՆ քաղաքականութեան մէջ, հաղորդած է «Reuters»-ը:
Այս աշնան կուսակցութեան առաջնորդները շարք մը միջոցառումներ պիտի իրականացնեն երկու տասնեակ քաղաքներու մէջ՝ իրենց ծրագիրը տարածելու եւ աջակցութիւն ստանալու համար: Անոնք 24 սեպտեմբերին Հիւսթընի մէջ պաշտօնական բացում պիտի կատարեն, իսկ յաջորդ ամառ՝ կուսակցութեան առաջին ազգային համագումարը ԱՄՆ-ի խոշոր քաղաքներէն մէկուն մէջ: