image

Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան՝ Քեսապի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Վերափոխման տօնի պաշտամունքին

Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան՝ Քեսապի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Վերափոխման տօնի պաշտամունքին

«Տէրը քեզի հետ է» խորագիրով պատգամին մէջ Վեր. Դոկտ. Սելիմեան անդրադարձաւ Մարիամի հաւատքին ու Աստուծոյ կանչին հանդէպ անոր վստահութեան՝ շեշտելով աստուածաշնչական երեք պատգամներ՝ «Մի՛ վախնար», «Աստուծոյ քով անկարելի բան չկայ» եւ «Քու խօսքիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։

Կիրակի, 16 Օգոստոս 2026-ին, Վերափոխման տօնին առիթով, Քեսապի Հայ Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ Պաշտամունք՝ մասնակցութեամբ Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հաւատացեալներուն։

Պաշտամունքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հովիւ Պատ. Շանթ Ակիշեան եւ Հալէպի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Եկեղեցւոյ հովիւ Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան։ Օրուան պատգամը փոխանցեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան՝ Ղուկաս 1.30–38 համարներուն հիման վրայ։

«Տէրը քեզի հետ է» խորագիրով պատգամին մէջ Վեր. Դոկտ. Սելիմեան անդրադարձաւ Մարիամի հաւատքին ու Աստուծոյ կանչին հանդէպ անոր վստահութեան՝ շեշտելով աստուածաշնչական երեք պատգամներ՝ «Մի՛ վախնար», «Աստուծոյ քով անկարելի բան չկայ» եւ «Քու խօսքիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Պատգամը հրաւէր էր ներկայ ժամանակներու անորոշութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց չընկրկելու վախի առջեւ, այլ վստահելու Աստուծոյ ներկայութեան ու զօրութեան եւ հաւատքով յանձնելու մեր կեանքը Անոր կամքին։

Պաշտամունքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Օրդ Վանա Մարգէեան՝ ներկայացնելով «Իմ Աղօթքս» երգը։

Պաշտամունքի ընթացքին նաեւ կատարուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը՝ ձեռամբ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի՝ ի յիշատակ Տէր Յիսուս Քրիստոսի փրկարար գործին եւ որպէս հաւատքի ու միութեան վկայութիւն։

Պաշտամունքը դարձաւ հաւատքի, աղօթքի եւ հոգեւոր հաղորդակցութեան առիթ՝ վերահաստատելով այն վստահութիւնը, թէ կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ Տէրը Իր ժողովուրդին հետ է։