image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը նուազած է երկու երրորդով. Օվերչուք

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը նուազած է երկու երրորդով. Օվերչուք

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը կտրուկ նուազած է։ Անոր խօսքով՝ 2026-ին այս ցուցանիշը, 2025-ի համեմատ, նուազած է երկու երրորդով եւ պիտի շարունակէ նուազիլ։

«ԵԱՏՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ զարգացող իրավիճակը կանխատեսելի էր։ Վերջին երեք-չորս տարիներուն մեր հայ գործընկերներուն կ՚ըսէինք, որ նման վտանգներ գոյութիւն ունին, մասնաւորաբար՝ ապրանքաշրջանառութեան նուազման վտանգը»,– յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը։

Ան մանրամասնած է, որ 2024-ին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը հասած էր արձանագրուած ամէնէն բարձր մակարդակին՝ մօտ 12 միլիառ տոլարի։

«Անցեալ տարի այդ ցուցանիշը նուազեցաւ եւ հասաւ մօտ 8 միլիառ տոլարի։ Այս տարի ապրանքաշրջանառութիւնը կտրուկ կերպով կը նուազի․ ան 2025-ի մակարդակին համեմատ նուազած է մօտ երկու երրորդով։ Իրավիճակը այնպիսին է, որ յստակօրէն պիտի շարունակէ նուազիլ»,– ըսած է Օվերչուքը։

Յիշեցնենք, որ Ռուսիան Հայաստանի մէջ Յունիս 7-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն առաջ սահմանափակումներ մտցուցած էր հայկական բազմաթիւ ապրանքներու ներմուծման նկատմամբ։