image

Հոկտեմբեր 7-ի երրորդ տարելիցը, Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը եւ (կրկին) «մոռցուած» (միւս) ցեղասպանութիւնը


Հոկտեմբեր 7-ի երրորդ տարելիցը, Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը եւ (կրկին) «մոռցուած» (միւս) ցեղասպանութիւնը


Հոկտեմբեր 7-ին նշուեցաւ Համասի ահաբեկչական արիւնարբու գործողութեան երրորդ տարեդարձը: Երկու օր յետոյ, Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակը տրուեցաւ Հարաւային Ափրիկէէն իրաւագէտ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Նավանեթհէմ 'Նավի' Փիլլայի (Navanethem "Navi" Pillay), որ որպէս ՄԱԿ-ի փաստագրական յատուկ յանձնախումբի նախագահ «ցեղասպանութիւն» որակած էր Համասի արարքին ի պատասխան Իսրայէլի հակադարձութեան:

Հոկտեմբեր 7-ը շրջադարձային է Միջին Արեւելքի տագնապի պատմութեան մէջ: Այն իմաստով որ կայ Հոկտեմբեր 7-էն առաջ եւ յետոյ մը: «Առաջ»ին մասին կայ երկու հիմնական հարցադրում: Ի՞նչ էր Համասին նպատակը եւ որքանո՞վ Նեթանեահուի կառավարութիւնը տեղեակ էր այդ տարողութեամբ յարձակումի մը մասին: Վերջին հարցումը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է վերջերս իսրայէլեան Հաարեց օրաթերթի բացայայտումներուն լոյսին տակ: Բացայայտումներ որոնք դրական պատասխան մը կ'ուրուագծեն երկրորդ հարցումին: Եթէ այս վարկածը հաստատուի քննչական յանձնախումբի մը կողմէ, ապա եւ հաւանական է որ Նեթանեահուն ստիպուի բացատրել թէ ինչու չկանխարգիլեց արարքը:

Հոկտեմբեր 7-ի գործողութեան որոշումը իր ամբողջ տարողութեամբ Համասին է: Կարելի է ենթադրել որ նպատակադրած է կասեցնել Աբրահամեան Համաձայնութեան գործընթացը, որուն յաջող աւարտը, ըստ Համասի տրամաբանութեան, պիտի վերջնականապէս թաղէր Պաղեստինեան դատը: Բայց միայն Համասին իսլամականութիւնը որպէս իր պայքարի դաշտի որոշիչ կրնայ բացատրել այն բարբարոսութիւնը որ գործադրւեցաւ, նկարահանուեցաւ եւ սոցիալական ցանցերուն վրայ տարածուեցաւ: Ինչպէս իրմէ առաջ ալ-Քաիտան եւ Տահէշը: Կրօնագաղափարախօսական այդ որոշիչին ներհակ է Միւսին բնաջնջումը, այսինքն՝ պատերազմին ընկալումը ոչ միայն ռազմավարական հաշուարկումի տրամաբանութեամբ, այլ արտօնեալ համարելով մարդկութեան դէմ ոճիրն ու ցեղասպանութիւնը:

Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը շահած ըլլալու լուրը առնելէն յետոյ, Նավի Փիլլայ վերահաստատեց որ Իսրայէլի կողմէ Կազայի մէջի կացութեան բնութագրումը որպէս «ցեղասպանութիւն» իրողութեանց եւ օրէնքի վրայ հիմնուած «անկողմնակալ որոշում» մըն էր զերծ քաղաքական որեւէ նախապաշարումէ:

ՄԱԿ-ի փաստագրական յանձնախումբի որոշումէն առաջ, Պրաուն Համալսարանի դասախօս եւ Ողջակիզման թեմայով մասնագէտ Օմեր Պարթով, 10 Նոյեմբեր 2023-ին, Նիւ Եորք Թայմզ-ի մէջ հրատարակած իր յօդուածով («What I Believe as a Historian of Genocide») զգուշացուցած էր, որ Իսրայէլի կառավարական եւ զինուորական պատասխանատուներու յայտարարութիւններուն մէջ կը տեսնէր Կազայի դէմ յարձակման ներհակ «ցեղասպանական մտադրութիւն»: 15 Յուլիս 2025-ին, նոյն օրաթերթին մէջ երկրորդ յօդուածով մը («I’m a Genocide Scholar. I Know It When I See It.»), ան արդէն կ'եզրակացնէր որ Իսրայէլ ցեղասպանութիւն կ'իրականացնէր Կազայի մէջ: Իր բառերով՝ «Ցաւ պատճաժով եզրակացութիւն մը», որ այն ժամանակ եւ մինչեւ այսօր կը մերժեն Ողջակիզումի շատ ուրիշ մասնագէտներ եւ այն կը նկատեն քողարկուած հակասեմականութիւն եւ արշաւ Իսրայէլի դէմ:


Հոկտեմբեր 7-էն տասնըհինգ օր առաջ, Սեպտեմբեր 23-ին, տեղի ունեցաւ արցախահայութեան բռնի տեղահանումը: Օգոստոսի սկիզբը, արժանթինցի իրաւագէտ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Լուիս Մորենօ Օքամփօ ի լուր աշխարհին զգուշացուցած էր որ նախորդ տարուայ Դեկտեմբերին սկսած եւ շարունակուող Արցախի շրջափակումը ստեղծած էր ցեղասպանութեան տանող պայմաններ:

Հոկտեմբեր 7-էն եւ Սեպտեմբեր 23-էն երեք տարի անց, Կազայի մէջ ցեղասպանութեան փաստը բարձրաձայնած Նավի Փիլլայ արժանացաւ Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակին՝ «խաղաղութեան եւ միջազգային իրաւունքի ի խնդիր իր ճիգերուն համար»: Արցախի պարագային «խաղաղութեան» այլ «ճիգ» մը մոռացութեան կը փորձէ մատնել հոն պատահած եւ շարունակուող ցեղասպանութիւնը: Քսաներորդ դարուն ալ պատահեցաւ, երբ Լօզանի Դաշնագրին յաջորդած աշխարհակարգի խաղաղութեան պայմանները լռութեան պատ մը քաշեցին Առաջին Աշխարհամարտին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայութեան դէմ գործադրուած «մարդկութեան դէմ ոճիր»ը, որ Ռաֆայէլ Լեմքին, քսան տարի յետոյ, պիտի բնութագրէր որպէս «ցեղասպանութիւն» համահունչ իր այդ նոր հնարած յղացքին: Ցեղասպանութենէն յետոյ յիսուն տարի տեւեց այդ լռութիւնը՝ ոճիրի վերջնական մոռացման եւ, հետեւաբար, կատարելագործման նպատակով:

Քլիշէէ աւելի յանձնուողական ճակատագրապաշտութիւն պիտի ըլլայ ըսել որ Արցախի հայաթափումով Պատմութիւնը կը կրկնուի: Եթէ Պատմութեան կրկնութիւն մը կայ ապա եւ այդ մէկը թող ըլլայ Ցեղասպանութեան Յիսունամեակին ծնունդ առած պայքարին կրկնութիւնը ընդդէմ ամէն մոռացումի: Ի հեճուկս պարտուածներու խաղաղութեան պարտադրած լռութեան եւ լռեցման աններելի եւ անմոռանալի իրենց ճիգերուն:

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...