image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ Հացահատիկի տագնապի պահով նոր առաջարկ ունի

ԱՄՆ Հացահատիկի տագնապի պահով նոր առաջարկ ունի

Միացեալ Նահանգները բանակցութիւններ կը վարէ Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի այլ երկիրներու հետ՝ հացահատիկի գործարքի դադրեցումէն ետք ուքրանական հացահատիկի արտահանման այլընտրանքային ուղիներ ստեղծելու համար։ Գրած է Wall Street Journal-ը՝ վկայակոչելով պաշտօնեաները։

Ըստ թերթին՝ ԱՄՆ բանակցութիւններ կը վարէ Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ եւ Քիեւի հարեւաններուն հետ՝ ուքրանական հացահատիկի արտահանման այլընտրանքային ուղիներու օգտագործումը մեծցնելու համար։

Ուաշինկթընի կողմէ աջակցուող ծրագիրը կը նախատեսէ մինչեւ հոկտեմբեր Ուքրանիոյ «կարողութեան յաւելում»՝ Տանուպ գետով ամսական 4 միլիիոն թոն հացահատիկ արտահանելու համար։ 

Հացահատիկի մեծ մասը կ'ուղարկուի Տանուպ գետի երկայնքով, նաեւ Սեւ ծովով Ռումանիոյ մօտակայ նաւահանգիստներ։ Այնուհետեւ ապրանքը «կ'առաքուի այլ ուղղութիւններով»:

Հրատարակութիւնը նշած է, որ նման երթուղին աւելի դանդաղ է ու թանկ։

Բացի այդ, ջանքեր կը գործադրուին Տանուպով «Ուքրանիոյ արտահանման հնարաւորութիւնները մեծցնելու» ուղղութեամբ՝ Ռուսիոյ հացահատիկի գործարքի շրջանակ վերադարձնելու՝ Թուրքիոյ եւ ՄԱԿ-ի քայլերուն զուգահեռ։

ԱՄՆ կը դիտարկէ «բոլոր հնարաւոր տարբերակները, անոնց կարգին՝ ռազմական լուծումները Տանուպի ուքրանական նաւահանգիստներ մեկնող նաւերը պաշտպանելու համար»։