Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները նախազգուշացուցած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մուհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանը, որ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ չափազանց սերտ ռազմական ու հետախուզական համագործակցութիւնը կը վտանգի Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները, գրած է Wall Street Journal-ը:
Նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեայի խօսքով՝ Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահը վերջերս բարելաւած է յարաբերութիւնները Մոսկուայի եւ Փեքինի հետ, որ բացասաբար ազդած է Ուաշինկթընի հետ երկրի յարաբերութիւններու վրայ։
«Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահը վերջին ամիսներուն աւելի յաճախ խորհրդակցած է Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներու հետ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի վերաբերեալ, եւ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւնները կը բարելաւուին»,-ըսած է պաշտօնեան, որու անունը չի նշուիր։
Այնուամենայնիւ, Միացեալ Էմիրութիւններու իրենց գործընկերները նշած են, որ շէյխը Ուաշինկթընի հետ սերտ յարաբերութիւնները խոչընդոտ չի դիտարկեր Մոսկուայի եւ Փեքինի հետ սերտ կապերու համար։