image

«Եթէ կը կամենան կրնան կապուիլ հետս». Թրամփ «խորհուրդ» տուած է իրանեան կողմին

«Եթէ կը կամենան կրնան կապուիլ հետս». Թրամփ «խորհուրդ» տուած է իրանեան կողմին

Եթէ Իրան կ՚ուզէ խօսիլ, շատ լաւ գիտէ ինչպէս կապուիլ ինծի հետ։ Այս մասին գրած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ՝ Truth Social ընկերային ցանցի էջին՝ նկատի ունենալով Իրանի հետ հաւանական բանակցութիւնները։

«Ես ո՛չ մէկ ձեւով կամ կերպով դիմած եմ Իրանին՝ «խաղաղութեան բանակցութիւններու» համար, սա պարզապէս յօրինուած, կեղծ լուր մըն է։ Եթէ իրենք կ՚ուզեն խօսիլ, գիտեն, թէ ինչպէս կապուիլ ինծի հետ։ Իրենք պէտք էր ընդունէին սեղանին դրուած գործարքը։ Աւելի շատ կեանք պիտի փրկուէր», — նշած է ան։

Աւելի վաղ Թրամփ գրած էր նոյն հարթակին վրայ․ «Իրանը պէտք էր ստորագրէր այն «համաձայնագիրը», որ ես իրենց ըսի ստորագրել։ Ի՜նչ ամօթ է՝ մարդկային կեանքի այդքան կորուստ։ Պարզ խօսք՝ ԻՐԱՆԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՈՒՆԵՆԱԼ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԶԷՆՔ։ Ես ասիկա ըսած եմ ու դարձեալ կը կրկնեմ։ Բոլորը պէտք է անյապաղ լքեն Թեհրանը»։