image

Թուրքիայէն հեռանալու «խորհուրդ» Կարօ Փայլանին

Թուրքիայէն հեռանալու «խորհուրդ»  Կարօ  Փայլանին

Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելին Կարօ Փայլանի հետ կապուած յայտարարութիւն ըրած է:

Պահչելին, անդրադառնալով Կարօ Փայլանի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող նախագիծը խորհրդարան ներկայացնելուն, ըսած է, թէ Կարօ Փայլանը պէտք է ըսէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը իր խորհրդարանը չէ, կամ Թուրքիոյ խորհրդարանի ղեկավարութիւնը զայն հեռացնէ խորհրդարանէն:

«Ուր կ'ուզէ, թող երթայ, հայկական որ սփիւռքի հետ կ'ուզէ թող շփման մէջ մտնէ: Ես իրեն խորհուրդ կու տամ երթալ Ամերիկա», ըսած է Տեւլեթ Պահչելին: