Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) 106րդ Տարեժողովի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 18 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի Jonathan Club-ին մէջ։ Երեկոն համախմբեց ընկերակցութեան անդամներ, պատուոյ հիւրեր, Աւետարանչականի բարեկամներ, ինչպէս նաեւ համաշխարհային Հայ աւետարանական եկեղեցիներէն եւ միութիւններէն հովիւներ եւ պատուիրակներ՝ նշելու ընկերակցութեան հաւատքի եւ ծառայութեան մէկդարեայ ժառանգութիւնը եւ պատուելու անոր Վարչական խորհուրդի նախկին նախագահ տոքթ. Նազարէթ Է. Տարագճեանը։
Ներկաները ջերմօրէն ողջունեցին անգլերէնով եւ հայերէնով՝ միջոցառումին համանախագահները՝ ԼինտաՔէյ Ապտուլեան, Լորի Մնչերեան, Արսինէ Ֆիլիփս, Հելկա Սարգիս եւ Թինա Սիկըլ։
Ճաշկերոյթի հանդիսավար ԼինտաՔէյ Ապտուլեան իր բացման խօսքին մէջ յատուկ կերպով նշեց յարգարժան հիւրերը՝ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, Գեղամ արք. Խաչերեանը, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանը եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեանը։
Ազգային օրհներգները կատարեց Նազանի Մնչերեան, որմէ ետք վեր. Հայկ Տարագճեան աղօթք մատուցեց։
Կարճ ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի նախագահ իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս եւ գործադիր տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան։
Ֆիլիփս գնահատանքով անդրադարձաւ տոքթ. Տարագճեանի տասնամեայ իմաստուն եւ խոնարհ առաջնորդութեան, որուն միջոցով ամրապնդուեցան Ընկերակցութեան ծառայութիւնները 23 երկիրներու մէջ եւ հաստատութիւնը յաջողութեամբ անցաւ դժուար ժամանակաշրջաններէ։ Ան ընդգծեց մեծարեալին նախաձեռնած Project Revive-ը՝ աջակցելու բռնի տեղահանուած արցախահայ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ անոր ներդրումը՝ Աւետիսեան վարժարանի նոր շէնքի բացումին, «Շող» կեդրոններու տարածման եւ Հանքաւանի ճամբարի վերանորոգման մէջ։ Ֆիլիփս անդրադարձաւ նաեւ Տարագճեանի եւ Զաւէն Խանճեանի միջեւ համագործակցութեան, զանոնք կոչելով «երազային զոյգ», որ համամիտ էին երեկոյի խորհուրդին՝ «Հաւատարիմ մեր Ժառանգութեան. ընդունելով ապագան», որուն հիման վրայ Աւետարանչականը վստահաբար պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը Սերժ Պուչաքճեանի ղեկավարութեամբ։
«Տասնամեակ մը շարունակ տոքթ. Տարագճեանի առաջնորդութիւնը ընդգծուեցաւ իմաստութեամբ, կարեկցանքով եւ անսասան հաւատքով։ Անոր ղեկավարութեան ներքեւ Ընկերակցութիւնը ընդլայնեց իր սահմանները, զօրացուց իր ծրագիրները եւ խորացուց իր ազդեցութիւնը՝ նպաստելով հազարաւոր ընտանիքներու, օժանդակելով դպրոցներու եւ եկեղեցիներու եւ հաւատք ներշնչելով այնտեղ, ուր ամենէն աւելի կարիքը կար», իր խօսքին մէջ ըսաւ Պուչաքճեան։
Նախքան ընթրիքը ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը՝ արտացոլելով Ճաշկերոյթին խորհուրդը։
Երեկոյի գագաթնակէտը եղաւ երաժշտական ելոյթ մը՝ նուիրուած բժիշկներ Նազարէթ եւ Անի Տարագճեաններուն։ Ելոյթով հանդէս եկան Լոս Անճելըսի Օփերայի Domingo-Colburn-Stein Young artist’s program-էն նշանաւոր երաժիշտներ՝ Gabriele Zemaityte, Emily Damasco եւ Hyungjin Son։
Ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը ՝ ներկայացնելով տոքթ. Տարագճեանի կեանքին պատկերները՝ մանկութենէն մինչեւ մեր օրերը։
Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի անդամ Ճեք Մնչերեան՝ ներկայացնելու մեծարեալը. ան նկարագրեց զայն՝ իբրեւ «կարգապահ, արժանապատիւ, նուիրեալ, տեսիլք ունեցող առաջնորդ եւ բարեգործ։ Անձ մը՝ որ այս բոլոր առաքինութիւնները կը կրէ խոնարհութեամբ»։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց բժիշկներ Նազարէթ եւ Անի Տարագճեանները ու անոնց ներկայացուց յատուկ գնահատանքի նուէր մը։
Իր յուզիչ ելոյթին մէջ, տոքթ. Տարագճեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Աւետարանչականին եւ ըսաւ․ «Այս երեկոյի տօնախմբութիւնը իմ անձին կամ իմ կատարած գործերուն մասին չէ։ Այսօր մենք կը տօնենք հարիւր տարիէ աւելի գոյութիւն ունեցող ընկերակցութիւն մը եւ այն տեսիլքը, զոր ունեցան Worcester, MA-ի մէջ, այն նուիրեալները, որոնք հաւատքով հիմնեցին Աւետարանչականը Ա. Աշխարհամարտի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան դժուար տարիներուն։ Տարիներու ընթացքին ան բարելաւեց մեր հայրենակիցներուն կեանքը՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ, պարգեւելով քրիստոնէական հոգեւոր զարթօնք, կրթութիւն եւ անմիջական մարդասիրական օգնութիւն»։
Յիշարժան երեկոն եզրափակուեցաւ Կլենտէյլի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ երէց հովիւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեան աղօթքով եւ օրհնութեամբ։






