8 տարեկան Տիգրանի հայրը զինուորական է: Ան յաճախ կը բացակայի աշխատանքի բերումով, սակայն պարերազմական դրութեամբ պայմանաւորուած՝ այս անգամ դադարը աւելի երկար եղած է:
Տիգրանը շատ կարօտցած է հայրիկը: Երբ Վանաձորի «Շող» ցերեկային կեդրոնի ընկերային խմբային աշխատանքի ժամանակ յանձնարարուած է պատրաստել «կախարդական աղաւնի», Տիգրանի արձագանգը տարբեր եղած է. անմիջապէս որոշած է, որ աղաւնիի կտուցին պէտք է նամակ դնել եւ ուղարկել իր հայրիկին:
Տիգրան իր նամակը վերնագրած է «Յատուկ հաղորդագրութիւն»: Նամակին մէջ նկատելի է Տիգրանի զգացմունքներու խառնաշփոթը. կարօտ, վիրաւորանք, ջերմութիւն, սէր, յոյս, պարտադրանք, եւ հաւատք…
Տիգրանի մայրը, տեսնելով որդիին «Յատուկ հաղորդագրութիւնը», յուզուած լուսանկարած է զայն եւ ուղարկած ամուսնոյն: Տիգրանի հայրիկը, նամակը ստանալուն պէս, դիմած է իր վերադասին՝ ցոյց տալով որդւոյն գրածը: Անմիջապէս ստացած է երկօրեայ արձակուրդ:
Օրեր անց Տիգրան «Շող» կեդրոնին մէջ երբ կը մասնակցէր հերթական աշխատանքներուն, հայրը ներս մտած է… Տիգրանի ուրախութիւնը բառերով հնարաւոր չէր նկարագրել, այն զարմանքը, որ աղաւնին իր նամակը իրապէս հասցուցած է հասցէատիրոջ, Տիգրանին մօտ նոյնիսկ շփոթ առաջացուցած է: Աշխատակազմի ուրախութիւնն ալ հաւասար էր Տիգրանի ուրախութեան:
«Շող» կեդրոնի հեքիաթին մէջ պատրաստուած նոյնիսկ թղթէ աղաւնիները կը կարողանան շունչ առնել՝ յանուն երեխաներուն:
Նիւթ՝ Իրինա Չախոյեան
Վանաձորի «Շող» ցերեկային կեդրոնի համակարգող
«Արեւելք» նիւթը քաղած է ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի ներկայացուցչութեան կայքէն։