 
                    Այսօր առաւօտեան մահացած է ամիսներ առաջ անհետ կորսուած, ապա Մարմարիկ գետին մէջ յայտնաբերուած 2-ամեայ Տիգրանի հայրը՝ Նորայր Պետրոսեանը։
Այս մասին յայտնած է Panorama.am-ը։
Panorama.am-ն օրեր առաջ զրուցած էր Նորայրի հետ՝ հետաքրքրուելով, թէ ինչ տեղեկութիւններ ունի Տիգրանի կորսուելու, ապա գետին մէջ մարմինը յայտնաբերելու դէպքով նախաձեռնուած քրէական վարոյթէն։ Ան միայն նշած է, որ տեղեակ է այնքանով, որքանով մամուլը կը գրէ։
Յիշեցնենք՝ մայիս 4-ին հաղորդուած էր, որ Մարմարիկ գիւղին մէջ կորսուած էր 2 տարեկան Տիգրանը։ Անոր մարմինը գտնուած է միայն 20 օր անց Մարմարիկ գետին մէջ։