image

8 Տարեկան Տիգրանի «Յատուկ Հաղորդագրութիւնը»

8 Տարեկան Տիգրանի «Յատուկ Հաղորդագրութիւնը»

8 տարեկան Տիգրանի հայրը զինուորական է: Ան յաճախ կը բացակայի աշխատանքի բերումով, սակայն պարերազմական դրութեամբ պայմանաւորուած՝ այս անգամ դադարը աւելի երկար եղած է:

Տիգրանը շատ կարօտցած է հայրիկը: Երբ Վանաձորի «Շող» ցերեկային կեդրոնի ընկերային խմբային աշխատանքի ժամանակ յանձնարարուած է պատրաստել «կախարդական աղաւնի», Տիգրանի արձագանգը տարբեր եղած է. անմիջապէս որոշած է, որ աղաւնիի կտուցին պէտք է նամակ դնել եւ ուղարկել իր հայրիկին:

Տիգրան իր նամակը վերնագրած է «Յատուկ հաղորդագրութիւն»: Նամակին մէջ նկատելի է Տիգրանի զգացմունքներու խառնաշփոթը. կարօտ, վիրաւորանք, ջերմութիւն, սէր, յոյս, պարտադրանք,  եւ հաւատք…

Տիգրանի մայրը, տեսնելով որդիին «Յատուկ հաղորդագրութիւնը», յուզուած լուսանկարած է զայն եւ ուղարկած ամուսնոյն: Տիգրանի հայրիկը, նամակը ստանալուն պէս, դիմած է իր վերադասին՝ ցոյց տալով որդւոյն գրածը: Անմիջապէս ստացած է երկօրեայ արձակուրդ:

Օրեր անց Տիգրան «Շող» կեդրոնին մէջ երբ կը մասնակցէր հերթական աշխատանքներուն, հայրը ներս մտած է… Տիգրանի ուրախութիւնը բառերով հնարաւոր չէր նկարագրել, այն զարմանքը, որ աղաւնին իր նամակը իրապէս հասցուցած է հասցէատիրոջ, Տիգրանին մօտ նոյնիսկ շփոթ առաջացուցած է: Աշխատակազմի ուրախութիւնն ալ հաւասար էր Տիգրանի ուրախութեան:

«Շող» կեդրոնի հեքիաթին մէջ պատրաստուած նոյնիսկ թղթէ աղաւնիները կը կարողանան շունչ առնել՝ յանուն երեխաներուն:

 

 

Նիւթ՝ Իրինա Չախոյեան

Վանաձորի «Շող» ցերեկային կեդրոնի համակարգող

   «Արեւելք» նիւթը քաղած է  ԱՀԱԸ-ի  Հայաստանի ներկայացուցչութեան   կայքէն։