Ծափաթաղի մէջ անհետացած 3-ամեայ երեխայի սպանութեան դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին կատարուած է դիակի արտաքին զննութիւն: Դիակի մարմնին, գլխու շրջանին յայտնաբերուած են մարմնական վնասուածքներ: Այս մասին յայտնած է Քննչական կոմիտէի մամուլի խօսնակ Կիմա Ավդալեանը։
Նախաքննութեան ընթացքին նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն:
Մէկ անձի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 155-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ, 5-րդ եւ 9-րդ կէտերով (սպանութիւնը): Վերջինս ձերբակալուած է