Փարիզի վճռաբեկ դատարանը 4 տարուան բանտարկութեան վճիռ հրապարակած է Ռիֆհաթ Ասատին դէմ։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Ալ Մայատին« կայանը նշելով, որ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի եղբայր Ռիֆհաթ Ասատը կը մեղադրուի դրամալուացման եւ ապօրինի կերպով Ֆրանսայէն մեծ գումարներ արտահանելու մէջ։
84 Տարեկան Ասատ, որ բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած է իր աւագ եղբօր պաշտօնավարութեան ժամանակ, երկրէն հեռացած է 1984-ին եւ հաստատուած՝ Փարիզ։
Կը նշուի նաեւ, որ Ռիֆհաթ Ասատ լուրջ տարակարծութիւններ ունէր նախագահ Հաֆէզ Ասատին հետ եւ այդ պատճառով ալ հեռացած էր Սուրիայէն։