image
Հրատապ լուրեր:

Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովուական այցը՝ օրհնութեան եւ հոգեւոր վերանորոգութեան առիթ Փասատինայի հայ համայնքին

Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովուական այցը՝ օրհնութեան եւ հոգեւոր վերանորոգութեան առիթ Փասատինայի հայ համայնքին

Փասատինայի հայ համայնքին համար յիշարժան եւ օրհնաբեր օր մը հանդիսացաւ Կիրակի, 2 Օգոստոս 2026-ը՝ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովուական այցելութեամբ։ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանի, Ծխական Խորհուրդի անդամներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ։ Համայնքը խոր ուրախութեամբ եւ հոգեւոր խանդավառութեամբ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ անոր այցելութիւնը ընդունելով որպէս հայրական օրհնութեան, քաջալերանքի եւ հոգեւոր վերանորոգութեան յատուկ առիթ։

Օրուան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Սրբազան Հայրը, որուն որպէս առընթերակայ սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Սուրբ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ երգչախումբը ղեկավարութեամբ Պարթեւ Կիւլիւմեանի։

Յընթացս Սուրբ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց Արեւմտեան Թեմի քահանայութեան թեկնածու եւ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի ուսանող Բարեկրօն Շայն Ճանեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը։ Ձեռնադրութեան սրբազան խորհուրդով նորընծայ Բարեշնորհ Շեյն Սարկաւագը կոչուեցաւ առաւել ամբողջական նուիրումով ծառայելու Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։

Այնուհետեւ, յատուկ արարողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Բարեշնորհ Արին Սրկ. Պարսանեանը հաստատեց որպէս Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովիւի օգնական։ Արին Սրկ. Պարսանեան որպէս Արեւմտեան Թեմի քահանայութեան թեկնածու անցնող Մայիս ամսուն յաջողութեամբ աւարտեց իր աստուածաբանական ուսումը Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանէն ներս՝ ստանալով աստուածաբանութեան մագիստրոսի աստիճանը (Master of Divinity)։ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի՝ տնօրինութեամբ Արին Սրկ. Պարսանեան, 1 Օգոստոս 2026-էն սկսեալ կը պաշտօնավարէ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ՝ Արժանապատիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանի հովուական հսկողութեամբ եւ առաջնորդութեամբ։ Բարեշնորհ Արին Սարկաւագին վստահուած են որոշակի հովուական պարտականութիւններ։ 

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, մեկնելով օրուան աստուածաշնչական ընթերցումներէն, անդրադարձաւ քրիստոնէական կոչումի եւ ծառայութեան խորհուրդին՝ շեշտելով, որ Աստուծոյ խօսքը հաւատացեալը կը հրաւիրէ իր հաւատքը ապրելու գործով, խոնարհութեամբ եւ անձնուէր ծառայութեամբ։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ եկեղեցական ծառայութիւնը պատիւ ըլլալէ առաջ աստուածային կոչում եւ մեծ պատասխանատուութիւն է՝ Աստուծոյ եւ ժողովուրդին հանդէպ։ Ան յատկապէս մաղթեց, որ նորընծայ Բարեշնորհ Շեյն Սարկաւագ Ճանեանը եւ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նորանշանակ հովիւի օգնական Բարեշնորհ Արին Սրկ. Պարսանեանը իրենց վստահուած ծառայութիւնը կատարեն անսասան հաւատքով, խոնարհութեամբ, իմաստութեամբ եւ նուիրումով՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն հաւատացեալ ժողովուրդին։

Այս առիթով Սրբազան Հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանին՝ իր նուիրեալ եւ նախանձախնդիր հովուական ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ Ծխական Խորհուրդին եւ եկեղեցւոյ յարակից բոլոր մարմիններուն՝ համայնքի հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ վարչական կեանքին մէջ իրենց անձնուէր աշխատանքին եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան հանդէպ ցուցաբերած հետեւողական նուիրումին համար։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նորընծայ Շեյն Սարկաւագ Ճանեանը՝ մաղթելով, որ ան իր սարկաւագական ծառայութիւնը կատարէ հաւատքով, խոնարհութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ։ Ան նաեւ հայրական գնահատանքն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Արին Սրկ. Պարսանեանին, մաղթելով, որ ան իր նոր առաքելութիւնը կատարէ Աստուծոյ շնորհով եւ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ։ Սրբազան Հայրը գնահատանքի խօսք ուղղեց նաեւ Բարեշնորհ Արին Սրկ. Պարսանեանի եւ Բարեշնորհ Շեյն Սարկաւագ Ճանեանի ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն մէջ սերմանած են հաւատքի, եկեղեցասիրութեան եւ ծառայութեան ոգին՝ զօրավիգ կանգնելով անոնց հոգեւոր կոչումին։ Իր խօսքը ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին՝ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերած հաւատարմութեան եւ շարունակական մասնակցութեան համար՝ հրաւիրելով զանոնք աղօթքով եւ սիրով մշտապէս զօրակցելու Եկեղեցւոյ երիտասարդ սպասաւորներուն։

Օրուան հանդիսութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Գիր Օրհնութեան եւ Գնահատանքի» շնորհեց Տիար Կիւրեղ Մանկերեանին՝ բարձր գնահատելով անոր աւելի քան յիսուն տարիներու նուիրեալ եւ օրինակելի ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Փասատինայի հայ համայնքին։ Սրբազան Հայրը յատկապէս արժեւորեց անոր երկարամեայ ծառայութիւնը որպէս եկեղեցւոյ երգեհոնահար, եկեղեցական երաժշտութեան պահպանման ու փոխանցման մէջ ունեցած վաստակը եւ նոր սերունդներուն փոխանցած հաւատքի ու եկեղեցասիրութեան օրինակը՝ մաղթելով անոր եւ ընտանիքին քաջառողջութիւն եւ Աստուծոյ առատ օրհնութիւնները։

Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ նորոգուած դռներու նուիրագործումը՝ ի պատիւ Էնտի, Ճոան, Մեթիւ եւ Շարոն Մեյմարեաններու։ Ապա տեղի ունեցաւ Geragos-Krishnaswami Courtyard-ի օրհնութեան եւ ժապաւէնի հատման արարողութիւնը։ Բարեկարգուած շրջափակը նուիրուած է Մարք եւ Փոլեթ Կիրակոսներու կողմէ՝ ի նպաստ եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքին։

Օրուան հոգեւոր հանդիսութիւնները եզրափակուեցան ընդունելութեամբ, ուր ներկաները առիթտ ունեցան շնորհաւորելու Բարեշնորհ Արին Սրկ. Պարսանեանը, Բարեշնորհ Շեյն Սարկաւագ Ճանեանը, Տիար Կիւրեղ Մանկարեանն ու Տիար Ճոան Մեյմարեանը, մաղթելով անոնց Աստուծոյ առատ օրհնութեամբ, իմաստութեամբ եւ շնորհներով լի երկարամեայ, բեղուն ու արդիւնաշատ ծառայութիւն՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն հաւատացեալ ժողովուրդին։

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

4 Օգոստոս, 2026