image

Ասատեան վարչակարգի նախկին Միւֆթին՝ ցմահ բանտարկութեան. Հասսունը դատապարտուեցաւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու համար

Ասատեան վարչակարգի նախկին Միւֆթին՝ ցմահ բանտարկութեան. Հասսունը դատապարտուեցաւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու համար

Սուրիոյ դատական իշխանութիւնները երկուշաբթի օր ցմահ ազատազրկման դատապարտած են Սուրիոյ Հանրապետութեան նախկին Միւֆթի Ահմատ Պատրէտտին Հասսունը։ Կրօնական գործիչը մեղաւոր ճանչցուած է շարք մը յանցանքներու համար, որոնց շարքին են ներ-դաւանական թշնամանք հրահրելը եւ Պաշշար Ասատի իշխանութեան օրօք իր պաշտօնը չարաշահելը։

Հասսուն, որ աւելի քան 16 տարի վարած է Հանրապետութեան Միւֆթիի պաշտօնը, յայտնի էր Ասատի հետ ունեցած իր  սերտ յարաբերութիւններով եւ կրօնական արարողութիւններու ընթացքին անոր կողքին յաճախակի ներկայութեամբ։ Ան նախկին իշխանութեան հետ առնչուած տասներորդ անձնաւորութիւնն է, որ Սուրիոյ դատական մարմիններուն կողմէ մեղաւոր կը ճանչցուի՝ անցումային իշխանութիւններու հաստատուելէն ի վեր։

Դատաւորը՝ Ֆախր Ալ Տին Արիան մասնաւորաբար նշած է, որ նախկին Միւֆթին կը մեղադրուի քաղաքացիական շրջաններու մէջ պայթուցիկ տակառներու օգտագործման արդարացմամբ։

Ալ-Արիան աւելցուցած է, որ դատարանը հաստատուած համարած է Հասսունի ներգրաւուածութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ։ 

Դատարանի վճիռը կը նախատեսէ նաեւ Հասսունի շարժական եւ անշարժ գոյքերուն կալանք դնել եւ զանոնք պետական գանձարանին օգտին բռնագրաւել։

Ըստ Սուրիոյ լրատուական գործակալութեան՝ անոր դէմ առաջադրուած մեղադրանքներուն շարքին են իր պաշտօնը անձնական շահերու համար օգտագործելը, Ասատի, Գլխաւոր հետախուզական վարչութեան նախկին տնօրէն Ալի Մամլուքի, բանակի բարձրաստիճան սպաներու եւ նախկին վարչակարգի կողքին կռուած զինեալ խմբաւորումներու ղեկավարներուն հետ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելը։