Իր գրառումով Տիար Մանուկ Չուխաճեան նաեւ շնորհաւորանք յղած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Փասատինայի Մասնաճիւղին՝ այս արժէքաւոր ձեռնարկը կազմակերպելուն համար, եւ փոխանցած Շրջանային Վարչութեան գնահատանքը մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը:
Անցեալ կիրակի՝ 1 Մարտ 2026-ին, համայնքային կեանքը Փասատինայի մէջ դարձեալ ապրեցաւ մշակութային նշանակալի պահ մը, երբ տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան ու Անճարի պատմութեան նուիրուած տպաւորիչ վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը։
Այս առիթով ֆիլմի դիտումին մասին գրառում մը կատարած է Համազգայինի ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Մանուկ Չուխաճեանը։
Ան իր գրառման մէջ կը նշէ, թէ հաճոյքը ունեցած է ներկայ գտնուելու Մուսա Լերան եւ Անճարի մասին պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան, որ բեմադրած է Թամար Շահինեան, եւ կազմակերպուած էր Համազգայինի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» Մասնաճիւղի կողմէ։
Ձեռնարկին ներկայ էին աւելի քան 200 անձեր, որոնց մեծ մասը Այնճար ծնած կամ մուսալեռցի արմատներ ունեցող հայրենակիցներ։ Ժապաւէնը կը ներկայացնէ մուսալեռցիներու յուզիչ ու հերոսական պատմութիւնը՝, որոնք Մուսա Լեռէն Ռաս ալ-Պասիթի ճամբով փոխադրուեցան եւ հաստատուեցան լիբանանեան Պեքաայի դաշտավայրին մէջ, ուր հիմնեցին Անճար քաղաքը։
Ֆիլմը գեղեցիկ եւ ազդեցիկ կերպով կը պատմէ, թէ ինչպէս անոնք անապատային ու հարթ տարածք մը վերածեցին ծաղկուն բնակավայրի՝ պահպանելով իրենց աւանդութիւնները, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը։ Նաեւ կը շեշտէ այդ համայնքին աննկուն կամքը եւ դիմացկունութիւնը․ բոլոր դժուարութիւններուն հակառակ՝ անոնք կրցան ոչ միայն գոյատեւել, այլեւ զարգանալ ու իրենց գիւղը վերածել արդիական եւ կենսունակ գիւղաքաղաքի մը։
Ցուցադրութեան աւարտին հանդիսատեսները խորին գնահատանք յայտնեցին բեմադրիչին նուիրեալ աշխատանքին, իսկ շատեր արտայայտեցին իրենց փափաքը՝ այցելելու Անճար եւ աւելի մօտէն ծանօթանալու այդ օրինակելի համայնքին։
Իր գրառումով Տիար Մանուկ Չուխաճեան նաեւ շնորհաւորանք յղած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Փասատինայի Մասնաճիւղին՝ այս արժէքաւոր ձեռնարկը կազմակերպելուն համար, եւ փոխանցած Շրջանային Վարչութեան գնահատանքը մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։