image

Զոհ մը եւս ՊՊԾ կեդրոնին մօտ. Զոհուած է ենթասպայ Եուրա Տեփանոսեան

Զոհ մը  եւս  ՊՊԾ  կեդրոնին  մօտ.   Զոհուած է ենթասպայ   Եուրա  Տեփանոսեան

Կացութիւնը  կը շարունակ մնալ լարուած Էրէբունիի ՊՊԾ   կեդրոնին շուրջ: Այս մասին լուր փոխանցող  աղբիւրներ նաեւ կը հաղորդեն,  որ այսօր յետմիջօրէին       գրանցուած   է  կրակոց, որուն հետեւանքով սպաննուած է ՀՀ     ոստիկանութեան ենթասպայ ՝    Եուրա  Տեփանոսեանը:   Այս մասին նոյնպէս արձագանգած է   ՀՀ ոստիկանութեան   բանբեր Աշոտ Ահարոնեան, որուն ըսելով         ենթասպայ Տեփանոսեան  զոհուած է   ՊՊԾ   գունդէն   արձակուած  գնդակով: Ահարոնեանի  խօսքով «Սասնայ ծռեր»  խմբակի  զիինեալները  գործի  դրած են  դիպուկահար, որուն    կրակով զոհուած  է ենթասպան:   Այս դէպքէն  ետք   Էրէբունիի դէպքերուն սկիզբէն ի վեր զոհերուն թիւը  կը հասնի երկուքի:  Դէպլի առաջին օրը  զոհուած էր գնդապետ Արթուր Վանոյեանը: Նշենք, որ այս պահուն կացութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած  Էրէբունիի ՊՊԾ  կեդրոնի  շրջակայքը: ԱԱԾ-ն  աւելի վաղ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով       «Սասնայ ծռեր» խումբի զինեալներուն  յորդորած էր  զէնքերը   յանձնել, այլապէս ԱԱԾ-ն   տարբեր  քայլերու դիմելով պիտի վնասազերծէր  զինեալները:   Տրուած  պայմանաժամէն  անցած են   չորս   ժամեր եւ  այս պահուն զգուշաւոր  իրավիճակ կը տիրէ Էրէբունիի  շրջակայքը: