Օրերս յիշատակած են տասը ամիսներ առաջ Պէյրութը ցնցած մեծ պայթումին հետեւանքով զոհուած երիտասարդ հայուհի ՝ Կայա Ֆուտուլեանը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։
Կը նշուի նաեւ, որ Կայայի մտերիմներն ու ընկերները իր յիշատակը ուզած են յարգել իւրայատուկ ձեւով եւ անոր նուիրած են «Կրաֆիթի» մը, որ գծուած է դէպքի վայրին՝ Պէյրութի նաւահանգիստին կից։
Արուեստի աշխարհին հանդէպ մեծ սէր ունեցող Կայան դուստրն է Անի Վարդիվառեանին, որ սեփականատէրն է արուեստի ցուցասրահի մը եւ իր դուստրի մահէն ետք ալ իր ցուցասրահին մէջ բաժին մը տրամադրած է Պէյրութի պայթումը ոգեկոչող պաստառներու եւ արուեստի գործերու։
Հանգուցեալ Կայան մօր՝ Անի Վարդիվառեանին հետ
Փաստն այն է, որ Պէյրութը ցնցած աղէտալի պայթումէն գրեթէ տարի մը անց, ոչ մէկ կերպ կարելի եղած է բացայայտել պայթումին իրական պատճառները։