image

Ըստ «Սապահ»ին Անգարայի Պայթումին Երկրորդ Հեղինակը Սուրիացի Մը Է

Ըստ  «Սապահ»ին  Անգարայի  Պայթումին  Երկրորդ   Հեղինակը Սուրիացի Մը Է

Թուրքիա-  («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) Ըստ  թրքական «Տէյլի Սապահ»ին     անցեալ  Հոկտեմբերին Անգարայի մէջ  կատարուած ահաբեկչական յարձակումներուն    երկրորդ հեղինակը սուրիացի մըն է: Թերթը այս մասին իր տեղեկութիւնները առած է Անգարայի ոճրադատ ատեանէն:  Նոյն ատեանը աւելի վաղ  յայտնած էր,       առաջին ահաբեկիչին անունը, որ կ'ենթադրուի, թէ Տահէշին հետ կապ ունի եւ կը կոչուի  Եունէս  Էմրէ Ալակէօզ: Նշենք, որ Անգարայի  պայթումներուն հետեւանքով սպաննուած էին  103 անձեր, որոնց մեծ մասը քիւրտեր էին:  Անոնք      յանուն խաղաղութեան  բողոքի հաւաք մը  կազմակերպած էին, երբ երկու  պայթումներ ցնցեցին ամբողջ քաղաքը: