Ալպանիան 9,7 միլիոն տոլար յատկացուցած է թրքական ԱԹՍ-ներ գնելու համար, հաղորդած է «Аhval news»-ը:
Ալպանիոյ վարչապետ՝ Էտի Ռաման յունիսի սկիզբը Թուրքիա այցելած է: Երկրի ներքին գործոց նախարար՝ Պլետի Քուչին այցելած է Baykar Defense ընկերութիւն, որ թրքական ԱԹՍ-ներ կ'արտադրէ, ներառեալ՝ Bayraktar TB2, եւ ըսած է, որ իր երկիրը «կը գնահատէ թրքական ԱԹՍ-ներու կիրառման հնարաւորութիւնը Ալպանիոյ մէջ քաղաքացիական եւ ռազմական նպատակներով»: