Այսօր Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ժողովրդային երգչուհի Օֆէլիա Համբարձումեանը: Երգչուհին ծնած է 1925 թուականին Երեւանի մէջ:1944 Թուականէն սկսեալ Համբարձումեան հանդիսացած է Հայաստանի ժողովրդական երգի երեւելի աստղերէն մին: Համբարձումեան հայ երգարուեստի առընթեր իր մատուցած ծառայութիւններուն համար, 2011 թուականին ստացած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» անուան շքանշան: