image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին ժամ. Քաղաքացիներ հաւաքուած են Էրէբունի զօրակայանին մօտ

Վերջին ժամ.  Քաղաքացիներ   հաւաքուած են  Էրէբունի   զօրակայանին մօտ

ՀՀ խումբ մը քաղացացիներ հաւաքուած են Էրէբունի զօրակայանին շուրջ: Ներկաներուն  առջեւ ելոյթ ունեցած է «Նոր Հայաստան» շարժման անդամ Անդրէաս Ղուկասեան: Ղուկասեան ըսած է, որ մասնաւորապէս այս  պահուն բոլորը  պէտք է  ներկայանան Էրէբունի  զօրակայանի մօտ՝ արգելք հանդիսանալու համար «եղբայրասպան արիւնահեղութեան»: Ան նաեւ ըսած է, որ  զօրակայանը գրաւողները ահաբեկիչներ չեն, որովհետեւ  ցարդ չէ պարզուած, թէ ինչ հագամանքներու տակ  անոնք մտած են զօրանոց: Նշենք,որ ՀՀ  ոստիկանութիիւնը աւելի վաղ  հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով քաղաքացիներէն պահանջած էր զուսպ ըլլալ եւ  հաւաքներ չկազմակերպել չխանգարելու համար ոստիկանութեան ընդհանուր աշխատանքը: Յիշեցնենք, որ արդէն   երկրորդ օրն ըլլալով «Սասնայ ծռեր» ջոկատի զինեալներ պատանդի  կարգավիճակի մէջ կը պահեն հինգ ոստիկաններ: Անոնք  հայրենի իշխանութիւններէն  կը պահանջեն  ազատ արձակել Հայաստանի բոլոր քաղբանտարկեալները,  որոնց գլխաւորը ըստ  իրենց կը հանդիսանայ Ժիրայր Սէֆիլեանը: