image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր Կանայի մեծ սպանդի յիշատակի օրն է. 108 քաղաքացիներ զոհուեցան Իսրայէլի հարուածով

Այսօր  Կանայի     մեծ սպանդի  յիշատակի օրն է.   108 քաղաքացիներ զոհուեցան Իսրայէլի  հարուածով

18 Ապրիլ 1996 18 Ապրիլ 2021
Ան որ պատմութիւնը կը մոռնայ, պատմութիւնն ալ զինք կը նետէ մոռացութեան փոշիներուն մէջ։
Ճիշդ 25 տարի առաջ Իսրայէլի իշխանութիւնները անմարդկային ոճիր մը գործեցին ու հարուածեցին «ԵՈՒՆԻՖԻԼ»ի կեդրոնին մէջ ապաստանած եւ նոյն իսրայէլեան հրթիռներէն խոյս տուած քաղաքացիական կէտ մը։ Զոհուեցան 108 անձեր, որոնց մէջ նաեւ անմեղ երեխաներ։
Եղածը անմարդկային նախճիր էր, Միջազգային հանրութեան բոլոր հեղինակաւոր ԶԼՄ-ները անդրադարձան Կանայի նախճիրին, սակայն այդ բոլորով հանդերձ աշխարհը մնաց լուր, ինչպէս որ այսօր կը շարունակէ մնալ լուր ի տես մեր ժողովուրդին դէմ եղած անմարդկային եւ ստորացնող ամէն տեսակի արարքներուն։
Այդ օրերուն կար «Հըզպալլա»ն այո, բայց չունէր այսօրուայ զօրութիւնը ու նախճիրէն տարիներ անց բոլորին համար ալ պարզ դարձաւ, որ շնորհիւ ՄԻԱՅՆ ՈՒ ՄԻԱՅՆ իր ռազմական ուժին «Հըզպալլա»ն պիտի կարողանայ պահպանել Լիբանանի հարաւն ու հարաւի բնակիչները, որոնք երկար տարիներ ամէն տեսակի տանջանք կրած էին Լիբանան ներխուժած ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ձեռքը։
Եւ այսօր պատկերն բոլորովին այլ է ու շնորհիւ «Հըզպալլա»ի զօրութեան ու նաեւ Պալիսթեան հրթիռներուն, Իսրայէլ ոչ միայն չի համարաձկիր նոր պատերազմ հրահրել Լիբանանի դէմ, այլ ամէն բան կընէ ինչ որ կերպ Լիբանանի հետ իր սահմանային հարցերը լուծելու յանուն կազի պաշարներու օգտագործման։
Պատերազմի հաւանականութեան մասին կը գրեմ աւելի ուշ, սակայն այստեղ նշեմ, որ շնորհիւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ընկերներուս (մասնաւորապէս ընկ. Ռ. Թ.ի) այս տողերը գրողին մեծ պատիւ տրուեցաւ այցելել «Կանայի ուխտարան» ու այնտեղ յանուն Լիբանանի հայութեան յաւուր պատշաճի խօսք մը արտասանել։
Պատմութիւնը մոռցողները պիտի նետուին պատմութեան աղբանոցը, իսկ այսօր մեզի պէտք են երկու բան՝ նախ միասնութիւն, յետոյ գերարդիական զէնքեր ունեցող ռազմունակ բանակ ...
Մնացածը շատախօսութիւն եւ ժամավաճառութիւն է։
Յարգանք Կանայի նահատակներու յիշատակին։
2Ararat Kostanian և Krikor V. Khasholian-ը