Այսօր կը լրանայ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցը եւ Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիրին այցելած են ՀՀ պետական այրերը` յարգելու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ յուշահամալիր եկած է նաեւ հայկական 2-րդ պետութեան՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանը եւ կառավարութեան միւս անդամները նոյնպէս ժամանեցին համալիր:
Ծիծեռնակաբերդ են նաեւ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանը, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարքը հոգեանգստի կարգ կատարեց:
Ցեղասպանութիւն յուշահամալիր ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ այցելած են նաեւ ՀՀ-ի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն իրականացնող դեսպանները:
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու եկած են նաեւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հիմնադիրներ Ռուբէն Վարդանեանն ու Նուպար Աֆէյեանը:



