Սա ծաղր է իրաւաբանութեան նկատմամբ, բայց մենք երբեք մեր վերաբերմունքը, դատաւորի նկատմամբ չենք պայմանաւորեր դատական ակտով: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածու, «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Չարչեանի պաշտպան Էրիկ Ալեքսանեանը:
Նշենք, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ դատաւոր Լուսինէ Աբգարեանի նախագահութեամբ, մերժեց «Հայաստան» դաշինքի անդամ, բժիշկ Արմէն Չարչեանը կալանաւորելու որոշման դէմ պաշտպաններու բողոքը։ Չարչեանի պաշտպան Էրիկ Ալեքսանեանն ընդգծեց, որ այս գործը որեւէ աղերս չունի իրաւաբանութեան հետ:
Պաշտպանը նաեւ մանրամասներ ներկայացուցած է գործի հետագայ ընթացքի վերաբերեալ եւ տեղեկացուցած, որ վարոյթ ընդունելու մասին որոշումը դեռ չեն ստացած:
«Վարոյթ ընդունելուց յետոյ դատարանը պէտք է 8 օրուայ շրջանակներում դատական նիստ հրաւիրի Սահմանադրութեան համաձայն եւ խափանման միջոցի քննարկում իրականացնի: Արմէն Չարչեանի գործը կարճելու միջնորդութիւնը կը ներկայացուի դատարան եւ համապատասխան հիմնաւորումներ ենք ներկայացրել, որպէսզի դատարանը հենց այս փուլում, այսինքն՝ դեռ դատական քննութեան փուլ չանցնելով քրէական վարոյթը դադարեցնի»,-ըսած է Էրիկ Ալեքսանեանը: