Երկուշաբթի, 28 Յունիս 2021-ին, բարձր հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի` տրուեցաւ մեկնարկը Պըրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի ամառնային ամենամեայ ճամբարի: Անգամ մը եւս Մայր Տաճարի բակը ողողուած էր ճամբարի մասնակիցներու ուրախ ձայներով։ Առաւօտ կանուխէն սկսած, մօտ հարիւրէն աւելի տարբեր տարիքի երեխաներ իրենց ծնողներու հետ միասին եկած էին, որպէսզի ստանային Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանի օրհնութիւնը` ճամաբրի դասերուն եւ միջոցառումներուն մասնակցելու համար։
Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց ճամբարի մասնակից փոքրիկներուն եւ Իր Հայրական սերն ու օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց` նշելով. <<Սիրելի փոքրիկներ, ուստրեր եւ դուստրեր, այսօր այս նշանակալի օրուան առիթով մենք հոգեւորականներով, տնօրէնով, ճամբարի ուսուցիչներով, ձեր ծնողներով եւ ներկայ ժողովուրդի հետ միասին կը շնորհաւորենք եւ բարի ընթացք կը մաղթենք ձեզ` ամառնային այս գեղեցիկ ճամբարի մեկնարկի առթիւ: Այս ճամբարը լաւագոյն առիթը եւ լաւագոյն վայրն է, ուր կրնաք ամբարել բազում գիտելքիներ եւ հմտութիւններ` թէ ազգային եւ հայրենասիրական երգ ու պարի մարզէն ներս, թէ մարզական խաղերու, թէ գեղարուեստական ու ձեռային աշխատանքներու եւ թէ հոգեւոր գիտելիքներով հարստանալու մէջ:
Ուստի մեր աղօթքն է, որպէսզի սիրով եւ ուրախութեամբ վայելէք ամառնային ճամբարի օրերը եւ հարստացած ու ամբարած գիտելիքներով քայլեք մեր հայրերու հաւատքի կեանքով` մշտապէս ձեր կեանքէն ներս ունենալով յոյսի եւ լոյսի ներկայութիւնը>>:
Արդէն երկրորդ տարին է ինչ կը գործէ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի ամառնային ամենամեայ Ճամբարը: Այն ունի իր յատուկ օրակարգը եւ առարկայացանկը, որի համաձայն պատասխանատուները կ’առաջնորդեն մանուկները Աստուածաշունչի սերտողութեան, խաղերու, ձեռային աշխատանքներու, երգ ու երաժշտութեան եւ այլ միջոցառումներու: Ճամբարի պատասխանատուները ամեն ճիգ ու ջանք կը գործադրեն, որպէսզի այս ամառնային ճամբարի ընթացքը իր դրական եւ օգտաշատ հետքը ձգէ մասնակից երեխաներու կրթութեան եւ հայեցի ու քրիստոնեական դաստիարակութեան վրայ: Բարի երթ մեր ամառնային Ճամբարի մասնակիցներուն: Դիւան Առաջնորդարանի