Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը հանդէս պիտի գայ որպէս արմատական ընդդիմութիւն եւ պիտի գործադրէ քաղաքական պայքարի բոլոր հնարաւոր միջոցները՝ գործող իշխանութիւնը հեռացնելու համար: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսուած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովի յայտարարութեան մէջ, որ ասուլիսի ժամանակ ներկայացուց Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:
Իշխան Սաղաթէլեանը ներկայացուցած է ժողովէն ետք ընդունուած յայտարարութիւնը:
«Ժողովը, քննելով ՀՀ-ում ստեղծուած քաղաքական, անվտանգային իրավիճակը, տեղի ունեցած ընտրական եւ յետընտրական գործընթացները, երկրում առկայ բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, արձանագրում է, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները չյանգուցալուծեցին երկրում արդէն տեւական ժամանակ շարունակուող քաղաքական եւ ներհասարակական ճգնաժամը»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Նաեւ նշուած է, թէ գործող իշխանութիւնը 20 Յունիսին կայացած ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն զանգուածաբար գործի դրած է վարչական, նիւթական լծակներ: Յայտարարութեան մէջ յիշեցում եղած է, որ ՀՅԴ-ն արտահերթ ընտրութիւններուն գործընկերներու հետ ձեւաւորած է «Հայաստան» դաշինքը՝ մասնակցութիւն ունենալով ընտրապայքարին: Ըստ յայտարարութեան՝ «Հայաստան» դաշինքը դարձած է գործող իշխանութեան իրական եւ գլխաւոր այլընտրանքը:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ հայրենիքը, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները, Հայոց բանակը եւ ժողովուրդի ապագան վտանգի մէջ են: Այսպիսով ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը կոչ կ'ընէ իր կուսակցական շարքերուն, երկրի ապագայով մտահոգ հայրենակիցներուն շարունակելու վճռական պայքարը՝ օր առաջ գործող իշխանութիւնը հեռացնելու եւ ուժեղ Հայաստան կառուցելու համար: