image
Հրատապ լուրեր:

Ծանր արկած Սիւնիքի մէջ. 15 Զինուորներ փոխադրուած են հիւանդանոց

Ծանր  արկած  Սիւնիքի մէջ.   15 Զինուորներ    փոխադրուած են հիւանդանոց

Այսօր առաւօտեան   ՀՀ  Պաշտպանական բանակի  մարդատար կառքի արկած մը  գրանցուած  ՀՀ Սիւնիքի մարզին  մէջ: Այս մասին  տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Shamshyan.com  կայքը: Աղբիւրը  նաեւ կը նշէ, որ  զինուորական   մարդատար կառքը ճամբեզրէն դուրս գալով մի քանի անգամ շրջած  է: Արկածին հետեւանքով 15 հոգիներ փոխադրուած են Կապանի հիւանդանոց   եւ  բոլոր փոխադրուողները, որոնք ստացած են  տարբեր  մակարդակի վիրաւորումներ ,     պայմանագրային  զինուորներ են: