Այսօր առաւօտեան ՀՀ Պաշտպանական բանակի մարդատար կառքի արկած մը գրանցուած ՀՀ Սիւնիքի մարզին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Shamshyan.com կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ զինուորական մարդատար կառքը ճամբեզրէն դուրս գալով մի քանի անգամ շրջած է: Արկածին հետեւանքով 15 հոգիներ փոխադրուած են Կապանի հիւանդանոց եւ բոլոր փոխադրուողները, որոնք ստացած են տարբեր մակարդակի վիրաւորումներ , պայմանագրային զինուորներ են: