image

«Թատրոնի հետ կապ չունեցող մարդիկ յաճախ պղտորած են լիբանանահայ թատերական կեանքը». Յարութիւն Գնդունի

«Թատրոնի հետ կապ չունեցող մարդիկ յաճախ պղտորած են լիբանանահայ  թատերական կեանքը». Յարութիւն Գնդունի

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ բեմադրիչ՝ Յարութիւն Գնդունին:

 


Լիբանանահայ բեմադրիչ Յարութիւն Գնդունի իր թատերական գործունէութիւնը սկսած է 1964-ին։ Հայկազեան Համալսարանը աւարտելէ ետք մեկնած է հայրենիք, ուր հետեւած է Երեւանի Պետական Գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի (ինստիտուտի) բեմադրական բաժանմունքի դասընթացքներուն եւ վկայուած։

Գնդունի 1979-ին Պէյրութի մէջ  հիմնած է «Երիտասարդական Թատրոն» թատերախումբը, որ գործած է 10 տարի։  1991-1994  թուականներուն ստանձնած է  Հ.Ե.Ը. ի «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբի բեմադրիչի եւ գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը: 2017-2018 թուականներուն որպէս դասախօս, հրաւիրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հիմնած «Կրթական-Հայագիտական դասընթացք»ի տնօրէնութեան կողմէ, դասաւանդելու «Թատրոն»ի դասընթացքներ։

Գնդունի թարգմանած է 30-է աւելի թատերախաղեր, հեղինակ է թատերախաղերու, թատերագիտական յօդուածներու, աշխատակցած է թերթերու,  բեմադրած է 40-է աւելի թատերախաղեր  եւ  որպէս դերասան մարմնաւորած է 50-է աւելի կերպարներ:

Գնդունի ներկայիս կը պատրաստէ «Լիբանանահայ թատրոնը 1920-ականէն մինչեւ 2020» ծաւալուն գործը, որ լոյս պիտի տեսնէ 2020 թուականին, որուն մէջ ընդգրկուած են Լիբանանի մէջ գործունէութիւն ունեցած բոլոր խումբերը՝ բեմադրիչներ, դերասաններ ու անոնց մասին լոյս տեսած մամուլի յօդուածներէն մէջբերումներ։

 

 

 

-Կ'ըսուի, որ լիբանանահայ գաղութին գլխաւոր բաղկացուցիչ տարրերէն մէկը  թատրոնն է: Այսօր ինչպէ՞ս կը բնութագրէք լիբանանահայ թատրոնը:


Լիբանանի մէջ ներկայիս գլխաւոր 5 թատերախումբեր կը գործեն՝ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, բեմադրիչ՝ Յակոբ Տէր Ղուկասեան, Հ.Ե.Ը. ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբ, բեմադրիչ՝ Յարութ Գնդունի, նախապէս բեմադրիչն էր Վարդան Մկրտիչեանը, Թ.Մ.Մ. ի «Երուանդ Օտեան» թատերախումբ, բեմադրիչ՝ Վաչէ Ատրունի, «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբ, բեմադրիչ՝ Յարութ Գնդունի, «Թէաթրոն» թատերախումբ, բեմադրիչ՝ Սուրէն Խտըշեան:

Այս հինգ թատերախումբերը ամէն տարի բեմ կը հանեն նոր եւ որակաւոր թատերախաղեր եւ կը գնահատուին մամուլին ու մտաւորականներու կողմէ։ Կան նաեւ անորակ ներկայացումներ բեմ հանող  չակերտալ բեմադրիչներ,  որոնք կը լեցնեն սրահներ։ Այս պարագային կրնամ ըսել, որ հասարակը միշտ ալ սիրուած է հասարակին կողմէ: Այդ հանդիսատեսը մեր ներկայացումներուն չի գար, կամ անոնցմէ շատ քիչեր  է, որ կու գան։

 

-Որոշ   ժամանակ մը ապրած էք Լիբանանէն  դուրս եւ  Ձեր վերադարձէն  ետք ծաւալած էք թատերական գործունէութիւն: Ներկայիս ի՞նչ պաշտօն կը վարէք, պատմեցէք նաեւ ձեր այժմ վարած ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի մասին:


Ես այս տարի հրաւիրուեցայ ստանձնելու Հ.Ե.Ը. ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի բեմադրիչի եւ գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը։ Սոյն խումբով, այս տարուան մարտին բեմ պիտի հանեմ անգլիացի թատերագիր Մայքըլ Գունիի «Ակամայ ստախօսը» կատակերգութիւնը՝ իմ իսկ թարգմանութեամբ։

Ինչ կը վերաբերի Հ.Ե.Ը. ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին, նախ նշեմ, որ ան այս տարի կը բոլորէ իր 60 տարեկանը: Հիմնուած է 1959-ին։ Ունեցած է գլխաւոր 10 բեմադրիչներ՝ Պերճ Ֆազլեան, Գրիգոր Սաթամեան, Երուանդ Ղազանճեան, Վիգէն Ստեփանեան, Գրիգոր Տէկիրմէնճեան, Վարդան Մկրտիչեան, Վաչէ Տօներեան, Արտաշես Յովհաննէսեան, Յարութ Գնդունի եւ Վաչէ Ատրունի։  60 տարիներու ընթացքին բեմ հանած է 58 թատերախաղեր, ունեցած է հարիւրաւոր անդամներ, 50-է աւելի մնայուն դերասաններ։

2019-ի դրութեամբ թատերախումբը ունի մօտ 15 դերասաններ, որոնցմէ 10-ն իմ նոր բեմադրելիք «Ակամայ ստախօսը» կատակերգութեան մէջ դեր ունին։ Կան նաեւ 10 վարչական եւ այլ պատասխանատուներ։


-Լիբանանի մէջ միութենական թատերախումբերը ընդհանրապէս սիրողական մակարդակի վրայ եղած են, ինչպէ՞ս կը կարողանաք մանաւանդ ոչ արհեստավարժ դերասաններով ներկայացում պատրաստել եւ հրամցնել հանրութեան:


Ոչ արհեստավարժ դերասաններուն հետ ես անձնապէս աշխատելու ձեւը գտած եմ։ Թատերախաղը որոշուելէն ետք դերաբաշխումը կը կատարեմ, ու կը սկսինք սեղանի աշխատանքին՝ նախ  ճիշդ կարդալու փորձերը կ'ըլլան, յետոյ շեշտերը կու տամ, ձայնի ելեւէջ, ռիթմը՝ ուր արագ կամ դանդաղ պիտի խօսի եւ այլն։ Այս բոլորը սեղանի շուրջ կ'ըլլան։ Ապա ոտքի կ'ելլեն, էջ առ էջ քալելու տեղերը կը նօթագրեն ու  կ՚անցնինք փորձերու այս աշխատանքը։ Այս  աշխատանքը  կը  տեւէ 4 -6 ամիս։

Փորձառու դերասանները շատ չեն յոգնեցներ, նորեկներուն հետ առանձին փորձեր կ'ընեմ։ Վերջին ամիսը մանրամասնութիւններու վրայ կ'աշխատինք: Բեմադրիչը ոչ արհեստավարժ դերասանին ստիպուած է իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն տալու եւ բացատրելու։

Եթէ  դերասանը   արուեստագէտ   դերասան է, ապա  ան  ոչ արհեստավարժ խումբի մէջ ալ կրնայ ինքզինք փաստել։

 

-Պէյրութի մէջ միշտ լուռ պայքար եղած է աւանդական հայ թատրոնին եւ երգիծախառն, զաւեշտախառն թատրոնին միջեւ եւ վերջիններս յաճախ աւելի շատ գրաւած են հայ հանդիսատեսին «սիրտ»ը, այն առումով որ մեծ կ'ըլլար անոնց հանդիսատեսին թիւը, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս իրողութիւնը:


Ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, այո՛, կան անորակ ներկայացումներ բեմ հանող «բեմադրիչներ»,  որոնք աւելի շատ կը լեցնեն սրահները։ Սակայն պէտք է ըսեմ, որ Շէմմէսեան, Հելվաճեան, Հարպոյեան եւ այլն, ասոնք առնչութիւն չունին լուրջ թատրոնին հետ։ Նախ մասնագիտացած չեն, ունին թատրոնի նախնական գիտելիքներ՝ անմակարդակ, բեմադրական եւ դերասանական աշխարհէն անտեղեակ մարդիկ են, որոնք թատերական աշխարհը կը պղտորեն։ Կը նմանին այն մարդուն, որ հայերէն չի գիտեր եւ բանաստեղծութիւն կամ երգի բառեր կը գրէ։ Ոչ մէկ գնահատական խօսք տպուած է մամուլին մէջ այս մարդոց մասին։ Ասիկա իմ անձնական կարծիքս է։

 

-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք լիբանանահայ թատրոնի ապագան:


Շնորհիւ վերը նշուած 5 գլխաւոր թատերախումբերու եւ բեմադրիչներու, լիբանանահայ թատրոնի մակարդակը բարձր է։ Երբեմն կ'ըլլան ներկայացումներ, որոնք չեն զիջիր  արհեստավարժ խումբերու մակարդակին: Ըսել կ'ուզեմ՝ ունինք փորձառու դերասաններ եւ բեմադրիչներ, որոնց ներկայացուցած թատերախաղերը բարձր որակի են։ Տեղացի բեմադրիչներ եւ դերասաններ, յաճախ կու գան մեր ներկայացումները դիտելու եւ գնահատանքով կ'արտայայտուին։  

Այստեղ սակայն կ'ուզեմ յիշեցնել, որ քաղաքացիական պատերազմէն առաջ եւ նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին, թատերախումբ մը 4 շաբաթավերջ կը լեցնէր սրահը, հիմա՝ 2 շաբաթավերջ։ Առաջ 6000-էն 8000 հանդիսատես ունէինք, հիմա՝ 2500 կամ 2000։  Այս  պարագային  արդէն   աւելի քան յստակ է, որ գաղութի թիւը բաւական նուազած է։