image

Սուրիոյ Տարբեր Շրջաններէն Լաթաքիա Ապաստանած Հայորդիներ Մասնակցած Են Սուրբ Զատկուան Պատարագին

Սուրիոյ Տարբեր Շրջաններէն Լաթաքիա   Ապաստանած Հայորդիներ  Մասնակցած Են  Սուրբ Զատկուան  Պատարագին

 Քրիստոսի  Յարութեան   տօնը նշուած է  Լաթաքիոյ մէջ: Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ Լաթաքիոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց,  այս տարի      եկեղեցական արարողութեան մասնակցած են Սուրիոյ զանազան քաղաքներէն Լաթաքիա  ապաստան գտած  հայորդիներ:  ՀՄԸՄ- ի փողերախումբին առաջնորդութեամբ    հաւատացեալները   ժամանած են  եկեղեցի:Այս առթիւ     պատարագած եւ քարոզած Տ. Մաշտոց քհնյ.Արապաթլեան: