Աշխարհի տարածքին վերջին 20 տարիներուն աւելի քան 1,600 լրագրող սպաննուած է, այսինքն՝ իւրաքանչիւր չորս օրը մէկ լրագրող զոհուած է։ Այս մասին նշուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նոր զեկոյցին մէջ։
«2006 թուականէն ի վեր, երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ սկսաւ կանոնաւոր կերպով հետեւիլ այս երեւոյթին, աշխարհի տարածքին զոհուած է 1,641 լրագրող՝ միջին հաշուով չորս օրը մէկ», նշուած է զեկոյցին մէջ։
Կը նշուի, որ զինուած հակամարտութիւնները լրագրողներու զոհուելու գլխաւոր պատճառն են։
Վերջին երկու տարիներուն, այն երկիրներուն մէջ, ուր զինուած հակամարտութիւններ չեն եղած, լրագրողներու սպանութիւններուն թիւը հասած է վերջին 18 տարիներու նուազագոյն մակարդակին՝ արձանագրելով 62 սպանութիւն։
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ նշած են, որ նուազած է նաեւ զոհուած կին լրագրողներու թիւը։ Սակայն յաճախակիացած են լրատուամիջոցներու 25-29 տարեկան աշխատակիցներու զոհուելու դէպքերը։