image

Լոս Անճըլըս.ԹՄՄ-ի Կազմակերպութեամբ արուեստի ցուցահանդէս՝Պէօշկէթիւրեան սրահին մէջ

Լոս Անճըլըս.ԹՄՄ-ի Կազմակերպութեամբ  արուեստի ցուցահանդէս՝Պէօշկէթիւրեան սրահին մէջ

ԱԼԹԱՏԻՆԱ, Գալիֆորնիա — Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլի Մասնաճիւղը, համագործակցութեամբ Հայ Արուեստի Պատկերասրահին յանձինս Պրն. Վիգէն Մախեանի, Հոկտեմբեր 15-էն 17 , 2026 –ին կազմակերպեց «Բազմաթիւ Տեսլականներ, Մէկ Տարածք» խորագիրը կրող խմբական ցուցահանդէս  մը  ԹՄՄ-ի Պէշկէօթիւրեան Կեդրոնին մէջ, ուր երեք օրեր շարունակ արուեստասէրներ եւ համայնքի անդամներ առիթ ունեցան ծանօթանալու մասնակից արուեստագէտներու գործերուն ՝ նուիրուած ժամանակակից հայ արուեստի ստեղծագործական հարստութեան, բազմազանութեան եւ ինքնատիպ արտայայտութեան։

Ցուցահանդէսին մասնակցեցան 45 հայ արուեստագէտներ՝ Հայաստանէն, Ֆրանսայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն։ Անոնց գործերը կը ներկայացնէին արուեստի տարբեր ոճեր, անհատական տեսանկիւններ եւ ստեղծագործական մօտեցումներ՝ բացայայտելով ժամանակակից հայ արուեստի հարուստ ու բազմերանգ աշխարհը։ Ցուցահանդէսը բացառիկ առիթ մը եղաւ հանրութեան համար՝ մէկ յարկի տակ ծանօթանալու հայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններուն եւ վայելելու անոնց արուեստին բազմազանութիւնը։

Սրահի մուտքին հիւրերը ջերմօրէն դիմաւորուեցան հայուհիներու կողմէ, որոնք հագած էին հայկական գեղեցիկ ազգային տարազներ։ Տարազները տրամադրած էր Երեւանի Տէրեան Մշակութային Միութեան հիմնադիր արուեստագիտուհի Լիլիթ Մելիքեանը, որ անձամբ ներկայ էր ցուցահանդէսին՝ նաեւ մասնակից իր իւրայատուկ արուեստի գործով։

Բացման արարողութեան ընթացքին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Արեւմտեան Շրջանակի վարիչ քարտուղարուհի Տիկ. Մայտա Քիւրէճեանը։ Ան ողջունեց ցուցահանդէսին մասնակցող արուեստագէտներն ու արուեստասէր հիւրերը, որոնք մեծ թիւով ներկայ էին գնահատելու եւ քաջալերելու ԹՄՄ Փասատինա-Կլէնտէյլի Մասնաճիւղին նախաձեռնութիւնը։

Տիկ. Քիւրէճեան ընդգծեց, որ այսքան մեծ թիւով արուեստագէտներու համախմբումը մէկ սրահի մէջ, իրենց գործերը հանրութեան ներկայացնելու նպատակով, բացառիկ եւ աննախընթաց երեւոյթ մըն էր։ Ան շեշտեց, որ Թէքէեան Մշակութային Միութեան առաքելութիւնը միշտ եղած է պահպանել եւ փոխանցել ազգային արժէքները՝ մշակոյթի եւ արուեստի տարբեր բնագաւառներու միջոցաւ։ Միութեան մշակութային ձեռնարկները հետեւողականօրէն կը ծառայէին այս առաքելութեան իրագործման։

Աւելի քան 20 արուեստագէտներ անձամբ ներկայ գտնուեցան ցուցահանդէսին այցելուներուն առիթ ընծայելով հանդիպելու իրենց, զրուցելու անոնց հետ եւ աւելի մօտէն ծանօթանալու իրենց ստեղծագործական աշխարհին։ Հոս պէտք է նշել որ մասնակից արուեստագէտներէն ոմանց գործերը տեղ գտած են աշխարհահռչակ թանգարաններու հաւաքածոներուն մէջ, ներառեալ՝ Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահը, Երեւանի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանը, Զիմերլիի Արուեստի Թանգարանը եւ Մոսկուայի Պետական Տրետեաքովեան Պատկերասրահը։

«Բազմաթիւ Տեսլականներ, Մէկ Տարածք» պարզապէս արուեստի ցուցահանդէս մը չէր, այլ հայ ստեղծագործական ոգիին եւ մշակութային ժառանգութեան տօնախմբութիւն մը։ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն արուեստագէտներ մէկտեղելով՝ ցուցահանդէսը դարձած էր հանդիպման եւ մշակութային փոխանակման վայրի մը, ուր տարբեր փորձառութիւններ, գեղարուեստական արտայայտութիւններ եւ ազգային արժէքներ կը միաւորուէին։

Գնահատանքով պէտք է անդրադառնալ որ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլի Մասնաճիւղը երկար տարիներէ ի վեր կարեւոր դեր կը կատարէ հայ մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան պահպանման ու տարածման գործին մէջ՝ գրականութեան, երաժշտութեան, թատերկան ,արուեստի, կրթական եւ համայնքային ծրագիրներու միջոցաւ։

Իր կարգին, Հայ Արուեստի Պատկերասրահը, աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր, նուիրուած է Հայաստանի եւ Հայ Սփիւռքի արուեստագէտներու գործերու հաւաքման, պահպանման, ներկայացման եւ տարածման՝ կարեւոր նպաստ բերելով հայ արուեստի ճանաչման ու արժեւորման։

Իր խօսքին աւարտին Տիկ. Քիւրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակից արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերող դաշնակահար Մաեսթրօ Ռազմիկ Խաչիկեանին եւ երիտասարդ երգչուհի Թամար Չաւտարեանին, որ կիթառի ընկերակցութեամբ ներկայացուց հայկական երգեր: Ինչպէս նաեւ կազմակերպչական աշխատանքին իրենց բծախնդիր մասնակցութիւնը բերող  Մանուկ Սաթամեանին եւ մասնակից կամաւորներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր արուեստասէրներուն եւ հիւրերուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ, գնահատանքով եւ քաջալերանքով զօրավիգ կանգնեցան ԹՄՄ-ի Փասատինա-Կլէնտէյլի Մասնաճիւղին մշակութային այս կարեւոր նախաձեռնութեան։

Ցուցահանդէսը ՛անգամ մը եւս փաստեց, որ հայ արուեստը կը շարունակէ միաւորել Հայաստանը եւ Սփիւռքը՝ ստեղծելով մշակութային երկխօսութեան, ստեղծագործական ներշնչանքի եւ ազգային արժէքներու պահպանման կենսունակ հարթակ մը։ 

 «Բազմաթիւ Տեսլականներ, Մէկ Տարածք» ցուցահանդէսը որ տեւեց երեք օրեր շարունակ՛  առիթ ընծայեց տարբեր տարիքի եւ հետաքրութիւններ ունեցող համայնքի զաւակներուն վայելելու հայ արուեստի գեղեցկութիւնը, ստեղծագործական ոգին եւ մշակութային հարստութիւնը: