Աբխազիոյ իշխանութիւնները երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի հնդկական տարբերակը յայտնաբերած են, սակայն չեն կարողացած նշել նոր տեսակով վարակուածներու յստակ թիւը, գրած է Լենթա.ռու- ն:
Աղբիւրը չէ պարզաբանած, թէ արդեօ՞ք խօսքը վարակի «տելթա» կոչուող տեսակի մասին է, որ աւելի վարակիչ է եւ աւելի ծանր ընթացք ունի:
Ըստ վերջին տուեալներուն՝ Աբխազիոյ մէջ համավարակի սկիզբէն ի վեր 16.693 մարդ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով, վարակի զոհ դարձած է առնուազն 244 մարդ: Ընդ որում, երկիր մուտք գործելու համար նախկինի պէս չի պահանջուիր «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստում: Ռուսաստանի քաղաքացիներուն համար, ի տարբերութիւն այլ օտար երկրացիներու, COVID-19-ի հետազօտման բացասական արդիւնքի պահանջք չի գործեր: