image

«Բարօր կեանք քաղաքացիներուն».Եգիպտահայերը համաժողովի մասնակցած են

«Բարօր կեանք քաղաքացիներուն».Եգիպտահայերը   համաժողովի մասնակցած են

Եգիպտոսի հայկական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը օրերս մասնակցած է պետական շրջականերուն կողմէ կազմակերպուած «Բարօր կեանք»  խորագրին տակ կայացած համաժողովին։

Այս մասին իմացանք Գահիրէի մեր աղբիւրներէն։

 Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ համաժողովի ընթացքին յատուկ խօսքով հանդէս եկած է Եգիպտոսի նախագահ զօր. Ապտըլֆաթթահ Ալ Սիսի։

 Նախագահը իր խօսքին մէջ ծանրացած է Եգիպտոսն ու եգիպտացիները յուզող հարցերու եւ վերհանած առկայ մարտահրաւէրները։

 Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ երկրի անվտանգութիւնն ու քաղաքացիներու ապահովութիւնը իրենց համար «կարմիր գիծեր» են ու յաւելած, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները երկրի պետական մարմիններն ու բանակը կարողականութիւնը ունին Եգիպտոսը, որ ըստ Սիսիի հզօր երկիր է։

 

 Աւարտին նշենք, որ հայկական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւնը գլխաւորած են  Եգիպտոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աշոտ  եպս. Մնացականեանը, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր-Օգոստինոս Գերպ. Գուսանը, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի Ատենապետ Բժշկ. Արմէն Մազլումեանը եւ Ազգային Առաջնորդարանի  քաղաքական  ժողովի  Ատենապետ՝   Տիար Վահէ  Բլատեան։ 

   Ստորեւ    կը ներկայացնենք  (աջէն ձախ)  լուսանկարին մէջ  եղող     պատուիրակութեան  անդամներուն անունները՝ Բժշկ. Արմէն Մազլումեան(Հայ Դատի յանձնախումբի Ատենապետ), Ճօրճ Սիմոնեան (Dean of Faculty of Design & Creative Arts at Ahram Canadian University), Քրիստափոր Միքայէլեան   (Հայ  Կաթողիկէ Բարեգործական Միութեան նախագահ)   Հրաչ Միքայէլեան   (Հայ Կաթողիկէ Թեմական ժողովի անդամ)  Եգիպտոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աշոտ  եպս. Մնացականեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր-Օգոստինոս Գերպ. Գուսան, Կարպիս Ճռճռեան(Աղեքսանդրիոյ քաղաքական ժողովի փոխ ատենապետ) Վահէ Բլատեան(Գահիրէի քաղաքական ժողովի ատենապետ), Շանթ Կապէյան(Գահիրէի քաղաքական ժողովի  փոխ ատենապետ), Մարի Քիւփէլեան(Associate Professor, Faculty of Tourism and Hotel Management, Helwan University), Վահէ Պէնօհանեան(Աղեքսանդրիոյ քաղաքական ժողովի ատենապետ),   եւ Արթօ Պըլըքտանեան(Egyptologist)։