Մահացած է բանաստեղծ, թատերագիր եւ մանկագիր Սամուէլ Կոսեան։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը։
«Խոր վշտով տեղեկացնում ենք, որ 79 տարեկանում կեանքից հեռացել է 60-ականների եւ գարունականների սերնդի ճանաչուած բանաստեղծ, դրամատուրգ, մանկագիր Սամուէլ Կոսեանը։ Նրա գրական վաստակը, մարդկային ջերմ ու լուսաւոր կերպարը, ազնիւ ու բարի ներկայութիւնը երկար կը մնան մեր յիշողութիւններում…»,– նշած են Միութենէն՝ խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնելով բանաստեղծի ընտանիքին, հարազատներուն, ընկերներուն, ընթերցողներուն եւ անոր գրական ժառանգութիւնը գնահատող բոլոր մարդոց։
Սամուէլ Կոսեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 2-ին՝ Գետարգելի սգոյ սրահին մէջ (Getargel Funeral Service, Կոտայքի մարզ, Առինջ, Գետարգելի եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ), ժամը՝ 17։00-20։00։ Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի նոյն վայրէն՝ Նոյեմբեր 3-ին, ժամը 13։00-ին։
Աւելցնենք, որ Սամուէլ Կոսեան 2005-2012 թուականներուն վարած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան պաշտօնաթերթ «Գրական թերթ»-ի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը։
2023 թուականին անոր «Փոշուց քշուածները» թատերախաղը «Թատերգութիւն» անուանակարգին մէջ արժանացած է Երեւանի Գիրքի միջազգային փառատօնի առաջին մրցանակին։
2000 թուականին «Գուցէ փրկուենք» («Կեանքը վանդակի կողքով») թատերախաղը Իրանի միջազգային թատերական փառատօնին արժանացած է «Կրան Փրի» (Gran Prix) մրցանակին։ Ան թարգմանուած է պարսկերէնի, հրատարակուած՝ առանձին գրքոյկով, եւ բեմադրուած՝ Իրանի մէջ։