image

Սուրիոյ տագնապը կրնայ երկարիլ. Այն կապ ունի Կոլանի եւ Ալեքսանտրէթի հարցերուն հետ. Վահէ Մահշիկեան

Սուրիոյ տագնապը կրնայ երկարիլ. Այն  կապ ունի Կոլանի  եւ Ալեքսանտրէթի հարցերուն հետ. Վահէ Մահշիկեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ «Հայ-արաբական իրաւական միջազգային խորհուրդ»ի գլխաւոր քարտուղար, դամասկահայ գործիչ Վահէ Մահշիկեանը:


-Պատերազմի հետեւանքով երկրին  մէջ  առկայ տնտեսական տագնապը վերջին  ամիսներուն  նոր փուլ մը  մտաւ։ Ձեր կարծիքով ի՞նչ է պատճառը այս տագնապի սրացման, մանաւանդ, որ շատ կը խօսուի այն մասին, որ Սուրիոյ պատերազմը հասած է իր վերջնական փուլին:


Ինչպէս բոլորս գիտենք, արեւմուտքը եւ Ամերիկան տնտեսական շրջափակման մէջ առած են Սուրիան, որպէսզի կարենան անոր պարտադրել իրենց կարգ մը պահանջները՝ քաղաքական գետնի վրայ: Վերջերս, ինչպէս լսեցինք, Եւրոպան նոր անուանացանկ մը հրապարակեց եւ պատժամիջոցներու ենթարկեց սուրիացի կարգ մը գործարարներ եւ ընկերութիւններ, որոնք ներկայիս Սուրիոյ մէջ կը գործեն: Այս բոլորը բնականաբար Սուրիոյ տնտեսութեան վրայ ազդելու համար է:

Բայց ես կը կարծեմ, որ Սուրիոյ պետութիւնը այս բոլորին առաջքը առած է, այսինքն այդ պատժամիջոցները կրնան համեմատաբար ազդեցութիւն մը ունենալ տնտեսութեան վրայ, բայց ազդեցիկ պիտի չըլլան, եւ ինչպէս կը տեսնենք, ժողովուրդը արդէն կը շարունակէ իր բնականոն կեանքը:

 

-Նկատելի դարձաւ նաեւ սուրիական թղթոսկիին կտրուկ անկումը, տոլարին դիմաց: Ձեր կարծիքով ի՞նչ են այս անկումին խորքային պատճառները:


Գալով տոլարի արժեւորումին՝ սուրիական դրամանիշին դիմաց, կրնանք ըսել, երեք առ հարիւր  տոկոսով բարձրացում արձանագրեց տոլարը: Ես կը կարծեմ, որ ժամանակաւոր բան մըն է այս մէկը, յաճախակի կը բարձրանայ եւ կ'իջնէ, այդպիսով քիչ մը շուկան ալ կ'աշխուժացնէ:

 

-Արդեօք իակպէս մօ՞տ է Սուրիոյ պատերազմին աւարտը. եթէ այո, ապա ի՞նչ հիմնաւորումներ ունիք, ի՞նչ են այն նախանշանները, որոնք կ'երեւին Սուրիոյ պատերազմի աւարտին վերաբերեալ:


Սուրիոյ տագնապը առանձին տագնապ մը չէ, Միջին Արեւելքի տագնապն է: Սուրիական երկու կարեւոր տարածքներ բռնագրաւուած են, մէկը Կոլանը, միւսը՝ Ալեքսանտրէթը, այս տարածքներուն հարցը մինչեւ չլուծուի, Միջին Արեւելքի կամ Սուրիոյ տագնապը լուծում չի կրնար գտնել, կրնայ դեռ տասնեակ տարիներ շարունակուիլ. այնքան ատեն, որ Իսրայէլի իր ձեռքը կը պահէ Կոլանը, Թուրքիան ալ՝ Ալեքսանտրէթը, այս տագնապը վերջ չունի: Մնացած ինչ  տագնապներ որ կան, միջազգային    հանրութեան ուզածն է, ամէն 100 տարի փոփոխութեան կ'ենթարկեն կարգ մը երկիրներու ապագայ քարտէզը: Հիմա թիրախը, իմ կարծիքով, Թուրքիան է: Թուրքիոյ ծնունդը արդէն Լոզանով սկիզբ առաւ, այսինքն Միջազգային դաշնագրով մը ծնունդ ստացաւ, եւ այս դաշնագրին աւարտը մօտ է, չորս տարի ետք՝ 24 Յուլիս 2023-ին արդէն կ'աւարտի Լոզանի դաշնագրի ազդեցութիւնը։ Այդ համաձայնութիւնը  փոփոխութեան պիտի ենթարկուի, կրնայ երկարաձգուիլ, կամ ընդհանրապէս չեղեալ նկատուիլ եւ նոր բան մը ստեղծուի  եւ   Թուրքիան   «փոխարինուի» նոր պետութիւններով: Այս բոլորը  պատճառ կը   դառնան, որ Միջին Արեւելքի տագնապը  երկարաձգուի։

 

-Արդեօք Սուրիոյ հայ գաղութը, մանաւանդ՝ Դամասկոսի, վտանգուա՞ծ է, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով:


Սուրիոյ հայ գաղութը ընդհանրապէս ապահով վիճակի մէջ է, անոնք, որոնք վտանգը զգացին իրենց մորթին վրայ, արդէն գաղթեցին, ըլլայ Հայաստան, Եւրոպա, կամ Ամերիկա, իսկ մնացողները, սիրտերնին տոկուն է, կը շարունակեն իրենց կեանքը, իրենց առօրեան, իրենց գործերը, ներկայիս վտանգ արդէն չկայ, ընդհակառակը, հիմա շատ ապահով է Սուրիան,    բաղդատմամբ նախորդ տարիներուն:

Դամասկոսի հայութեան վիճակը լաւ է, անշուշտ նօսրացաւ գաղութը, այդ ալ, իմ կարծիքով, տեղի հայկական միութիւնները  պէտք է քիչ մը աւելի քաջալերէին, զբաղուէին ժողովուրդով, որպէսզի ժողովուրդը մնար, չգաղթէր աջ ու ձախ: