Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- «Տէյլի Սապահ» կը տեղեկացնէ թէ, Սուրիոյ Տէրիք քաղաքէն Սուրիական Ազգային Խորհուրդին (ENKS) պատկանող խումբ մը սուրիացի Քիւրտեր, ապստամբած են ընդդէմ քրտական ընկերվար միացեալ կուսակցութեան (PYD, որ կը համարուի PKK-ի սուրիական շառաւիղը:Ցուցարարները խափանուած են PYD-ի զինեալ ուժերուն կողմէ, ընթացքին բախումներ տեղի ունեցած են եւ սուրիոյ քրտական կուսակցութեան (KDPS)ի պատկանող անդամ մը Մոհամմէտ Ալի Պաւէ Նատօ եւ լրագրող մը ձերբակալուած են: KDP-Sը, բաժին մըն է ENKSէն, ծանօթ որպէս Իրաքի մէջ Մասուտ Պարոզանիի քրտական տեմոթրաթիք կուսակցութեան սուրիական հետեւորդը, որ ճանչցուած է որպէս ամենազդեցիկ կուսակցութիւններէն մին Սուրիոյ մէջ: